Ֆրանսացի Քաղաքական Գործիչը Կոչ Կ’ուղղէ Քրէականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտումը
ֆրանսական Պուշ-տիւ-ռոն բաժանմունքի գլխաւոր խորհուրդի փոխ-նախագահ, Մարսէլի քաղաքապետարանի խորհրդական, նախկին պատգամաւոր Քրիստոֆ Մասը կ’ողջունէ Ֆրանսայի պետական խորհուրդի որոշումը արգիլել երգիծաբան-հակասեմական տիուտոներու ներկայացումները եւ կոչ կ’ընէ քրէականացնել Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը: Այդ մասին կը գրէ «Nouvelles d’Armռnie»-ն:
Քրիստոֆ Մասսի յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Պետական խորհուրդի արդար որոշումէն ետք մեր երկիրը պէտք է այժմ օրէնք ընդունի
ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու վերաբերեալ: Մենք պէտք է մեր նկատմամբ հետեւողական ըլլանք, ինչպէս նաեւ յարգենք զանգուածային սպանութիւններու զոհերու յետնորդները:
ֆրանսան ազատութեան, հաւասարութեան եւ եղբայրութեան երկիր է, պէտք է ջանքեր գործադրէ, որպէսզի օրէնքով պատիժ սահմանուի բոլոր ցեղասպանութիւններու ժխտման համար` հայերու, հրեաներու եւ միւսներու, ինչպէս եւ նախագահ Ֆրանսուայ Օլանտը խոստացած է 2012թ.-ին նախագահական քարոզարշաւի ժամանակ:
Անընդունելի է 21-րդ դարուն թոյլ տալ ցեղասպանութեան ազատ ժխտումը, եւ ես կտրականապէս դէմ եմ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի ընդունած վերջին որոշման, որ արդարացուցած է թուրք ժխտող Դողու Փէրինչէքին` յանուն խօսքի ազատութեան իրաւունքի: Այս վճիռը անհասկնալի է, քանի որ թոյլ կու տայ զրպարտել ու ռասսայական խտրականութիւն տարածել: Այնպէս, ինչպէս Տիուտոնէի պարագային»:
NEWS.am