Ռուսահայ Համայնքը Շարունակում է Օգնել Սուրիահայ Հայրենակիցներուն

Ռուսաստանի հայկական համայնքը  կը միանայ  մեր սուրիահայ հայրենակիցներուն օգնելու շարժման. ՌԴ Կալուգա քաղաքէն Կարինէ Ղուկասեան 30 000 ՌԴ ռուբլի (1000 ԱՄՆ տոլար)  ուղարկած է Աշտարակ քաղաքին մէջ սուրիահայերու համար կառուցուող Նոր Հալէպ թաղամասի շինարարութեան հիմնադրամին:

Սիրելի հայրենակի՛ց,

Միացի՛ր այս շարժման  եւ քու փոքրիկ ներդրումը ունեցիր ծանր կացութեան մէջ յայտնուած մեր հայրենակիցներուն աջակցելու գործին մէջ:

 Փոխանցումները կը կատարուին «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» ՀԿ-ի` բնակարանաշինութեան ծրագիրի համար առանձնացուած հետեւեալ հաշուեհամարներուն`

ԱԿԲԱ-ԿՐԵԴԻՏ ԱԳՐԻԿՈԼ ԲԱՆԿ

220413350095000 AMD

220413350046001 USD

220413350046002 EUR

220413350038958 RUR

Scroll Up