Երգչուհի Շերը Twiterr-ի Վրայ Գրած Է Քեսապի Մասին
Ամերիկահայ երգչուհի Շերը (Շերլին Սարգսեան), որ Twitter պլոկին ունի աւելի քան 2 միլիոն հետեւորդ, անդրադարձած է Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ գիւղին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն` խնդրելով պարզել, թէ իրականութեան մէջ ինչ կը կատարուի այնտեղ: «Կը խնդրեմ պարզէք, ինչ կը կատարուի Սուրիոյ, Քեսապի մէջ:
Անմեղ քրիստոնեաներուն, հայերուն թուրքերը կը սպանեն»,- «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` գրած է երգչուհին:
Քեսապի դէպքերը մեծ արձագանք ստացած են տարբեր ընկերային ցանցերու վրայ:
Յայտնի մարդիկ իրենց կոչը կ’ուղղեն միջազգային հանրութեան` ուշադրութիւն դարձնելու սարսափելի դէպքերուն: