Քեսապի Վայրագութիւնները Ճանչնալու Կոչով Միջնորդագիր` Սպիտակ Տան Կայքին Մէջ

Սպիտակ տան We the People նախաձեռնութիւններու բաժինին մէջ յայտնուած է միջնորդագիր Քեսապի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու վերաբերեալ: Միջնորդագիրի հեղինակը Ուաշինկթընին կոչ կ’ուղղէ ճանչնալու հայաշատ Քեսապին մէջ տեղի ունեցող վայրագութիւնները:

Քեսապի  եւ ամբողջ Սուրիոյ մէջ անմեղ մարդոց կոտորածի դադարեցման կոչով միջնորդագիրը, որ կայքին մէջ յայտնուած է մարտ 28-ին, այս պահի դրութեամբ հաւաքած է 9219 ստորագրութիւն:

Որպէսզի Սպիտակ տունը քննէ միջնորդագիրները, ատոնք պէտք է մէկ ամսուան ընթացքին հաւաքեն 100 հազար ստորագրութիւն:

1in.am

 

Scroll Up