Ազգային Միասնութիւնը` Հրամայական

Սփիւռք-Հայաստան միասնութեան, ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան խնդիրներն այսօր առաւել քան արդիական են: Տարափոխուող աշխարհի մէջ Սփիւռքն ալ յաճախ կը յայտնուի վերիվայրումներու մէջ, եւ այսօր առաւել տիրական դարձող ուծացման, ազգային մշակոյթէն ու լեզուամտածողութենէն հեռացման վտանգները, տասնամեակներով հաստատուած կարծրատիպերը  իրենց ազդեցութիւնն ու ներգործութիւնը կ’ունենան: Հետեւաբար, ամէն անգամ կը վերադառնանք միասնութեան խնդիրին` փոխելով հարցադրումները, սակայն անխոտոր պահելով գերնպատակը, գերխնդիրը:

1991-էն ի վեր, անկախ պետականութեան հռչակման պահէն, Հայաստանը ամէն ինչ ըրած է, որպէսզի օրաւուր խորանան յարաբերութիւնները սփիւռքահայերու հետ, որպէսզի տարազատում եւ տարանջատում չըլլայ հայութեան բոլոր հատուածներուն միջեւ, քանզի մեր ուժը միասնականութեան եւ համախմբուածութեան մէջ է: 1915-ի Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներն ամէն ինչ ըրին, որպէսզի հայութիւնը մաս-մաս յայտնուի աշխարհի տարբեր հանգրուաններու մէջ, կորսնցնէ լեզուն եւ ինքնութիւնը, մշակութային արժէքները, խորհրդային տարիներուն ալ ոմանք ջանքեր գործադրեցին, որպէսզի Հայաստան-Սփիւռք կապերը ամրապինդ չըլլան, ամէն ինչ պարփակուի լոկ մշակութային շփումներու շրջածիրին մէջ` զանց առնելով խորքային եւ հայեցակարգային սերտաճումներն ու մերձեցումները: Խորհրդային Միութեան մէջ ձեւաւորուած անվստահութիւնը հայրենադարձներու հանդէպ, «երկաթեայ վարագոյրի» անմարդկային ու ջրբաժան քաշող «հայեցակարգերն» ալ իրենց հերթին ինչ-որ չափով հեռացուցին Սփիւռքն ու Հայրենիքը`  հայրենիք դարձածներու մէջ սերմանելով անվստահութիւն եւ հիասթափութիւն: Մասնաւորաբար 1949 թուականի «մեծ տեղահանութիւնը, երբ շատ հայրենադարձներ յայտնուեցան Ուրալ ու Սիպիր տանող անորոշութեան ճանապարհներուն, յուսահատութիւն պատճառելով, Սփիւռքի մէջ ապրողներուն պարտադրեցին բոլորովին այլ հայեացքով նայիլ Հայրենիքին` Հայաստանին` անոնց մէջ ներարկելով զգուշութիւն, կասկածամտութիւն ու անվստահութիւն…

Սփիւռքի նախարարութեան ձեւաւորումէն ետք  Սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու համալիրը ստացաւ հայեցակարգային նշանակութիւն եւ բովանդակութիւն, մշակուեցան յատուկ ծրագիրներ եւ մօտեցումներ, կեանքի կոչուեցան բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ, որոնց հենքը միասնութեան եւ ամբողջութեան ձգտումն է, տարբեր հատուածներու ներդաշնակ փոխկապակցումը:  Մեր լեզուամթերքին մէջ վաղուց ի վեր տեղ գտած ամերիկահայ, քանատահայ, թրքահայ, սուրիահայ եւ այլ հասկացութիւններ այժմ արդէն սկսան ընկալուիլ սոսկ որպէս աշխարհագրական-ճանաչողական ցուցիչներ` այսպիսով հաստատելով այն միտքը, որ հայութիւնը կը մղուի դէպի միասնականութեան, ընդհանրականութեան:

 Դժուար էր, անշուշտ, տասնամեակներ իրարմէ զատուած, շատ յաճախ ներքին հակասութիւններու վրայ կառուցուած սփիւռքեան համայնքներու եւ Հայաստանի մերձեցումը, փոխադարձ վստահութեան հաստատումը: Սակայն ջանքերն ի զուր չանցան: Առաջին շրջանի վեհերոտ, երբեմն տատամսող վերաբերմունքին փոխարինելու եկան հաստատակամ վճիռները, Սփիւռքը սկսաւ վստահիլ Հայաստանին` այսպէս նաեւ միասնականութեան ու համախմբումի տեսլականները դարձնելով իրական: Հայութեան միակ հայրենիքի գաղափարը սոսկ տեսական-երեւութական էր, մինչդեռ անցած հինգ տարուան ընթացքին հաստատուն ու ամուր գետնի վրայ դրուեցան հայեցադրոյթներն ու նպատակները, եւ այսօր արդէն այլեւս միասնութիւնը վիպապաշտութիւն չէ, զգացական հասկացութիւն չէ: Այն նիւթականացող իրականութիւն է:

Հետեւաբար, միասնական են մեր ջանքերն ու ծրագիրները, միասնական են մեր տեսլականները:

Հայաստանէն դուրս ապրող ամէն մէկ հայ բաժնուած չէ իր երկրէն, քանի որ բոլորս կ’ապրինք  մեր մէկ ու միակ հայրենիքով, անոր մտահոգութիւններով եւ ուրախութիւններով: Եւ ոչ ոք երբեք պահանջ չի դներ Հայաստանէն դուրս գտնուողի առջեւ` չքննադատելու մեր ստուերային իրողութիւնները, չարտայայտելու  անհանգստութիւններն ու տագնապները: Լաւ ու ապահով հայրենիքը բոլորիս երազանքն է: Ու հասկնալի են Կլէնտել ապրող մեր հայրենակիցներու զգացումներն ու յոյզերը: Հասկնալի են աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող մեր հայրենակիցներու երբեմն անհանգիստ, յուզումնառատ, երբեմն` խիստ զայրացած դիրքորոշումներն ու յայտարարութիւնները… Սակայն գլխաւոր մտահոգութիւնը այն է, որ այլ երկրի մէջ, այլ իրականութեան մէջ հայրենիքի մասին հնչած քննադատութիւնը ոչ միայն արդիւնաւէտ չէ, այլեւ քու հայրենիքդ հեղինակազրկել է, իջեցնել անոր արժէքը, ոչնչացնել այն ձեռքբերումները, որոնց ան հասած է միջազգային դաշտին մէջ` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ դիւանագիտական հանգրուաններուն մէջ: Ոեւէ ժողովուրդի համար, որ վերջապէս հասած է իր պետականութեան ստեղծումին կամ վերականգնումին, թանկ ու նուիրական են պետութիւնը պայմանաւորող խորհրդանիշները, հետեւաբար երկրի նախագահն ալ այդ խորհրդանիշներէն մէկն է ` պետականութեան, Սահմանադրութեան եւ ժողովուրդի ապահովութեան երաշխաւորներէն մէկը: Երբ օտար հողի վրայ հայհոյես քո մայր երկրի պետականութեան խորհրդանիշը, դուն ոչ թէ կը դառնաս մտահոգ, այլ կը ձգես  անհայրենիք մարդու տպաւորութիւն, որ չարութիւնն ու չարախնդութիւնը երբեմն կը շփոթէ անհանգստութեան ու մտահոգութեան հետ: Ասոր մասին պէտք է մտածենք ազգովի, միասնականօրէն եւ այնպէս ընենք, որ ոչ թէ սքօղենք ու ստուերենք մեր խնդիրները, որոնք քիչ չեն, այլ մտածենք ուղիներու եւ լուծումներու մասին… Մտածենք նաեւ այն մասին, որ հայրենիքը, անոր պետականութիւնը հայհոյելով ու քարկոծելով չեն սիրեր: Ատելութեամբ չեն սիրեր: Ատելութիւնը ատելութիւն կը ծնի, սէրը` սէր: Չսքօղենք մեր թերութիւնները, անգամ` մեր ձախողումները, բայց չհրճուինք անյաջողութիւններով, այլ ամէն ինչ ընենք, որ մեր մտահոգութիւններու ու անհանգստութիւններու մէջ սէր ըլլայ…

Տեղին է յիշել հրեաներու արդէն դասական դարձած օրինակը: Հրեաներու հայրենիքին մէջ` Իսրայէլի մէջ, քիչերը կ’ապրին, հրեաներու գերակշռող մեծամասնութիւնը կ’ապրի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ` ամենօրեայ ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահելով Իսրայէլը: Այդ պատճառով ալ այդ երկիրը այսօր կը ձգտի տեղ զբաղեցնել աշխարհի հզօրներու շարքերուն, այդ երկիրն այսօր դիւրութեամբ կը լուծէ իր ընկերային եւ տնտեսական խնդիրները, կը պարտադրէ շատերուն յարգանք տածել իր հանդէպ: Երկրի վարկանիշն ու հեղինակութիւնը կը ստեղծեն դուրսը ապրողները` իրատես համարձակութեամբ խօսելով թերութիւններու մասին, սակայն այդ համարձակութեան մէջ ներգրաւելով սիրուց ծնունդ առնող անհանգստութիւնը…

Ուրիշ  հանգամանք մըն ալ. ոմանք արդէն որերորդ անգամ, Ատրպետի «տժվժիկի» յայտնի հերոսի նման, կը խօսին Հայաստանին ցուցաբերուող օգնութեան, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին տրուող գումարներու մասին` սպառնալով դադրեցնել մասնակցութիւնը… Խոստովանինք` ասիկա չի բխիր մեր ազգային հոգեկերտուածքէն, մարդասիրութեան ու հայրենասիրութեան մասին ձեւաւորուած պատկերացումներէն… Համահայկական հիմնադրամը ստեղծուեցաւ որպէս ազգային տուրքի գաղափարակիր, որպէս հայրենիքը հզօրացնելու նախապայման: Եթէ աշխարհի այլ ժողովուրդներու համար հայրենիքն առաջին հերթին աշխարհագրական տարածք է` սահմաններով պարփակուած, ապա մեր հայրենիքը անսահման է` Երեւանէն մինչեւ Ստեփանակերտ, Ջաւախք… Այս անսահման հայրենիքը բազում խնդիրներ ու հոգսեր ունի, որոնք Հայաստանը միայնակ չի կրնար լուծել:   Հայաստանին պէտք է եւ անհրաժեշտ է առաջին հերթին Սփիւռքի բարոյական աջակցութիւնը, ինչ որ կ’ապացուցէ աշխարհին, որ մենք միասնական ու միակամ ենք, որ յատկապէս Արցախը կը գտնուի համայն հայութեան ուշադրութեան կեդրոնին: Արցախը վաղուց իր դռները  բացած է նաեւ Սփիւռքի առջեւ, հրաւիրելով մեր հայրենակիցներուն այնտեղ գործարար ծրագիրներ իրականացնելու, այդ հողն առաւել հայեցի դարձնելու համար: Ուստի, հայկական երկրորդ պետութեան ցուցաբերուող որեւէ աջակցութիւն «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի ծիրէն ներս առաջին հերթին մեր բարոյական նկարագրի արտացոլումն է…

Օրերս տեղի ունեցաւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանի եւ դիմատետրային (ֆէյսպուք) օգտատէրերու հանդիպումը: Քիչ չէին այն օգտատէրերը, որոնք եկած էին Սփիւռքէն, մասնաւորաբար Թուրքիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն: Շատերն արդէն յաղթահարած են իրենց մէջ նստած բարդոյթները, շատերն արդէն հարազատ կը զգան այս հողը, հայրենիքը, մինչդեռ տակաւին կան նաեւ, որոնք կը շարունակեն սահմանաբաժան տեսնել հայաստանցիներու եւ Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած սփիւռքահայերու միջեւ: Անգամ հարց հնչեց այն մասին, որ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած սուրիահայ երիտասարդները չծառայեն հայկական բանակին մէջ, իսկ ծառայելու պարագային ալ` ստեղծուի յատուկ ու առանձնացուած ստորաբաժանում: Արդեօ՞ք հայրենիքը միայն ապրելու համար է, արդեօ՞ք հայաստանեան անձնագիրը միայն այն բանի համար է, որպէսզի կարենաս այստեղ ունեցուածք ձեռք բերել, մասնակցիս ընտրական գործընթացներուն: Հայաստանեան անձնագիրը, քաղաքացիութիւնը, օրէնսդրականէն զատ, նաեւ բարոյական պարտականութիւններ կը յուշէ: Բանակը մեր փրկութիւնն է բարդ ու անհաշտ տարածաշրջանի մէջ, բանակին մէջ կը ծառայեն հայաստանցի 18-20 տարեկան երիտասարդներ, որոնք իրենց օրը կը սկսին «Ես քաղաքացին եմ Հայայստանի Հանրապետութեան» հպարտ կոչով: Ու Հայաստանի մէջ անոնք իւրովի կը պաշտպանեն նաեւ երկրէն դուրս ապրող մեր հայրենակիցներուն, յուշելով բոլորին, որ այս հայկական բանակն է, աշխարհի բոլոր հայերու բանակն է` մեր միասնականութեան երաշխաւորներէն մէկը…

Ապրի´նք միասնաբար եւ գործե´նք միասնաբար: Ազգային միասնութիւնը դարձնենք հրամայական, որպէսզի կարենանք դիմակայել մեզի պարզուած բազմաթիւ մարտահրաւէրները…

Լեւոն Մութաֆեան

Scroll Up