Սիրելի´ Հայ Բարեկամ, Դուն Յղա՞ծ Ես Բողոքի Նամակ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարան
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/R5teHmawbUGGmJvHL5rCI6k8z8.jpg)
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը 2013թ. դեկտեմբեր 17-ին բաւարարած է թուրք քաղաքական գործիչ Դողու Փէրինչէկի հայցն ընդդէմ Զուիցերիոյ, որուն զուիցերական դատարանը պատժած էր Հայոց ցեղասպանութեան փաստը ժխտելու եւ «Ցեղասպանութիւնը միջազգային սուտ է» յայտարարութիւնը ընելու համար:
Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի կայացուցած այս որոշումը վերջնական չէ, եւ երեք ամսուան ընթացքին Զուիցերիոյ ղեկավարութիւնը իրաւունք ունի բողոքարկելու այն:
Իւրաքանչիւր հայ պէտք է բողոքի նամակ յղէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ պահանջէ արդարութիւն, պահանջէ, որ դատարանը չվաճառէ իր խիղճը. այն չի կրնար ուրանալ ցեղասպանութիւնը:
Սիրելի´ հայ բարեկամ.
Եթէ դուն դեռ չես յղած բողոքի նամակ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, հիմա ըրէ´ հետեւեալ հասցէով` (http://appform.echr.coe.int/echrrequest/request.aspx?lang=gb)