«Մեր Այբուբենը» Միսլատայի Մէջ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2014/01/IMG_1277.jpg)
«Մեր այբուբենը». այս խորագիրը կը կրէր մանկական բեմականացումը, որ հանդիսատեսի դատին ներկայացաւ յունուար 9-ին Միսլատայի մշակոյթի տան մէջ: Գեղեցիկ դաստիարակչական ներկայացում մը, որ երեխաները պատրաստած էին տարեվերջեան պատուոգրերու յանձնման առիթով:
Ներկայացման բեմադրիչ Արարատ Ղուկասեան եւ գեղարուեստական ղեկավար Մարինէ Արզումանեան ջանք չէին խնայած հանդիսատեսին հաճելի պահեր նուիրելու համար: Իսկ այդ յաջողեցաւ, քանի որ հերոսները տաղանդաւոր հայ երեխաներն էին` լի անսպառ եռանդով ու խանդավառութեամբ:
Ներկայացումը շատ կարեւոր խորհուրդ մը ունէր` լաւ սորվիլ ու պահպանել մայրենին, փոխանցել այն սերունդներուն, որպէսզի չկորչի ժամանակի թոհուբոհին մէջ: Իսկ ահա ներկայացման հերոսները կորսնցուցած էին այն` ազգապահպան ամենակարեւոր գրաւականը` մայրենի լեզուն: Այնպէս, որ անոնք նոյնիսկ չէին կրնար կարդալ իրենց նաւի անունը: Իսկ նաւը լեցուն էր հայատառ գիրքերով, որոնք կորսնցուցած էին իրենց պահապանները` ընթերցողները:
Այս անփութութեան պատճառով նաւը ինկած էր ծովէ ծով` այբուբենը փնտրելու, որ գիտունիկ մը կը հսկէ ու կը պահպանէ: Վերջինս կը վերադարձնէ անոնց հայապահպանութեան ամենակարեւոր խորհուրդը` հայոց այբուբենը` պայմանով, որ վերջիններս միշտ այցելեն հայկական դպրոց, սորվին հայոց տառերը եւ երբեք այլեւս չի կորսնցնեն այն: Այս խոստումով ալ կը վերջանայ ներկայացումը` խորհուրդ տալով ծնողներուն յաւուր պատշաճի փոխանցել անգին մայրենին իրենց զաւակներուն:
Հոծ բազմութեամբ լեցուն դահլիճը ծափողջոյններով ճանապարհ դրաւ հերոսներուն` քիչ անց նոյն ոգով դիմաւորելով անոնց: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պատուոգրերու յանձնման արարողութիւն, որուն համար Միսլատայի քաղաքապետարանէն ժամանած էին Արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդական Խոսէ Ռամոն Պոսկան (Josռ Ramցn Boscոյ), Ժողովրդական կուսակցութեան (Partido Popular) եւ Ձախ միութեան (Izquierda Unida) խօսնակներ Փեփա Սաենսը (Pepa Saenz), Անթօնիօ Սանչեսը (Antonio Sanchez) եւ Սալուատոր Գարսիա տէ լա Մօտան (Salvador Garcվa de la Mota):
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, բացի պատուոգրերէն, մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ հետեւեալ անուանակարգերուն`
Տարուան լաւագոյն աշակերտ – Էլէն Մողրովեան
Միութեան աշխոյժ անդամ – Մարինէ Արզումանեան
Հայ ժողովուրդի լաւագոյն բարեկամ – Միկէլ Լոփէս Մարինաս (Miguel Lopez Marinas)
պատուոգրերու յանձնման արարողութենէն ետք ելոյթ ունեցան նորաստեղծ FUNDARM միութեան ներկայացուցիչները` Էդդի Դորը, Էլէն Յարութը եւ Լիլիթ Աւետիսեանը` հաճելի պահեր նուիրելով հանդիսատեսներուն:
Իր խօսքին մէջ Խոսէ Ռամոն Պոսկան անթաքոյց գովեստի խօսքերով բարձր գնահատեց «Արարատ» Հայկական միութեան աշխատանքը քաղաքին մէջ եւ խոստացաւ հովանաւորել եւ հնարաւորինս աջակցել բոլոր ձեռնարկներու կազմակերպման:
Իսկ ահա վերջաւորութեան Հայկական միութեան նախագահ Արարատ Ղուկասեան եւս մէկ անգամ յայտարարեց Միսլատայի քաղաքապետարանի կողմէ վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան պաշտօնապէս ճանաչման ուրախալի փաստին մասին, որն ընդունուեցաւ երկարատեւ ծափերով:
«Արարատ» միութիւն, Միսլատա, Սպանիա