Հալէպի Մէջ 2013թ.-ին 100 Հայ Երեխայ Ծնած Է. Անոնք Տօնական Նուէրներ Ստացած Են
Notice: Uninitialized string offset: 2 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/plugins/qtranslate-x/qtranslate_utils.php on line 501
Notice: Uninitialized string offset: 2 in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-content/plugins/qtranslate-x/qtranslate_utils.php on line 501
Notice: get_currentuserinfo is deprecated since version 4.5.0! Use wp_get_current_user() instead. in /home3/azerytoday/public_html/hayerold/wp-includes/functions.php on line 3839
Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Շահան եպիսկոպոս Սարգիսեանի նախաձեռնութեամբ Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով նուէրներ բաժնուած են Հալէպի մէջ 2013թ.-ի ընթացքին ծնած 100 հայ երեխաներու ընտանիքներուն:
Այս մասին ինչպէս կը տեղեկացնէ «Բերիոյ լուրերու» Facebook-եան էջը, նուէրներու ծրարները պարունակած են կաթ, կենցաղային իրեր եւ հագուստ:
Գաղափարին աջակցած են եկեղեցական կազմակերպութիւններ եւ անհատներ, որոնք
նիւթապէս օժանդակած են նախագիծի իրականացման:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Տէր Տաթեւ քահանայ Միքայէլեան, որ նշած է, որ երեխաները իրենց յոյսն ու ապագան են, եւ շնորհակալութիւն յայտնած է բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս աջակցած են այդ ծրագիրի իրագործման:
«Եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած 100 մանուկներու ճիչը կը խորհրդանշէ կեանք: Անոնց
անմեղսունակ ժպիտը յոյս կը ներշնչէ»,- գրած է «Բերիոյ լուրերու» Facebook-եան էջը:
Սրբազանը եւս ողջունած է ներկաներուն եւ նշած, որ չնայած երկրի դժուարութիւնները` Աստուած կը շարունակէ կեանք պարգեւել: «Այս կեանքը սոսկ միս ու ոսկոր չէ, այլ Աստուծոյ շօշափելի եւ զգալի յոյսը` ձեր գիրկի մէջ»,-ըսած է ան:
Ան նշած է, թէ կը ցանկան համայն մարդկութեան ըսել, որ թէեւ Հալէպը կործանած քաղաք է, վտանգուած, դժուարին պայմաններու մէջ կը գտնուի, սակայն իրենք կը շարունակեն ապրիլ եւ յոյսով նայիլ ապագային:
«Այս երեխաներու ծնունդը լաւագոյն ապացոյցն է շարունակուող կեանքի եւ երկիրը կրկին ոտքի կանգնած ու ծաղկած տեսնելու մեր հաւատքին»,- ըսած է սրբազանը:
www.tert.am


Արևելահայերեն
Русский
English








