Գաւառի Քիւֆթան Մեր Ամանորեայ Սեղանի Աւանդական Ուտեստն է. Հրանոյշ Յակոբեան

Սփիւռքի նախարարը NEWS.am-ի լրագրողին ընդունած է իր աշխատասենեակին մէջ, ուր օրուան աւարտին  քանի մը հրատապ հարցեր քննարկելէ ետք միասին ուղեւորուած են դէպի իրենց բնակարանը` պատրաստելու Գաւառի աւանդական քիւֆթան:

Նախարարը պատմած է, որ իրենց ընտանիքէն ներս ամանորը կը դիմաւորեն աւանդական տարբերակով` բոլորով միասին, տան մէջ, ընտանիքի աւագի` մօր հետ: Հրանոյշ Յակոբեան նշած է նաեւ, որ ամէն տարի իրենց տօնական սեղանէն անպակաս են Գաւառի քիւթան, ձուկն ու փախլաւան, իսկ տօնական օրերը, ցաւօք, նախարարի համար երկար չեն տեւեր:

Նուարդ Մանուէլեան

http://news.am

Scroll Up