ՀՀ Սփիւռքի Նախարարը Ելոյթ Ունեցաւ Հայագիտական Ուսումնասիրութիւններու Ընկերակցութեան Հիմնադրման 40-ամեակի Նուիրուած Գիտաժողովին
Հոկտեմբեր 3-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան մասնակցեցաւ ՀՀ ԳԱԱ նիստերու դահլիճին մէջ մեկնարկած Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան հիմնադրման 40-ամեակին նուիրուած գիտաժողովին, որ կազմակերպուած է Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան եւ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական ինստիտուտներու մասնակցութեամբ եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան hիմնադրամի հայկական համայնքներու բաժանմունքի աջակցութեամբ:
Իր բացման խօսքին մէջ ՀՀ ԳԱԱ նախագահ Ռադիկ Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց կառոյցին դերը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ, կարեւոր համարեց ամերիկահայ պատմաբան, ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Ռիչարդ Յովհաննիսեանի դերը` Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան հիմնադրման գործին մէջ, ինչպէս նաեւ նշեց, որ ընկերակցութեան ներկայ գործունէութեան յաջողութիւններուն համար նշանակալի է ԱՄՆ հայագէտներու ընկերակցութեան նախագահ, Միչիկանի համալսարանի փրոֆէսոր Գէորգ Պարդակչեանի դերը:
ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութեան նախագահ Գէորգ Պարդակչեանին շնորհեց Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալ:
«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ յուշամետալի շնորհման առիթով: Ես այն կը գնահատեմ իբրեւ մեր կեդրոնի աշխատանքի բարձր գնահատական», – այդ առիթով գիտաժողովի հանդիսաւոր բացման ըսաւ Գէորգ Պարդակչեան:
Եռօրեայ գիտաժողովին կը մասնակցին ԱՄՆ-ի, Եւրոպայի, Հայաստանի հայագիտական յառաջատար կեդրոններու, գիտակրթական հիմնարկներու ու համալսարաններու հայ ու օտարազգի 20 քառասուն գիտնական:
ՀՀ ԳԱԱ նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ սփիւռքի նախարարին` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գործող հայագիտական կեդրոններու հետ գործակցելուն համար, որուն շնորհիւ արտասահմանի մէջ գործող բազմաթիւ հայ գիտնականներ կը փորձեն իրենց գիտական ներուժը ներդնել հայրենիքի մէջ, ի նպաստ հայրենիքի զարգացման:
Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները եւ շնորհաւորելով 40-ամեայ յոբելեանի առթիւ` ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ անգնահատելի է հայագէտներու գործունէութիւնը` յատկապէս Սփիւռքի մէջ: «Աշխարհի տարբեր երկրներում գործող 78 հայագիտական կենտրոններ իրենց ուսերի են վերցրել հայկական մշակոյթի, գիտութեան պահպանութեան գործը Սփիւռքում», – ըսաւ ան:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը յոյս յայտնեց, որ Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութիւնը կ’ընդլայնէ իր գործունէութիւնը, աշխարհով մէկ սփռուած եւ հայրենիքի մէջ գործող բոլոր հայագիտական կեդրոնները կը գտնեն համագործակցութեան եզրեր մէկ յարկի տակ:
Գերատեսչութեան ղեկավարն ընդգծեց, որ ընդլայնուած է հայագիտութեան ոլորտը` իր մէջ ընդգրկելով ցեղասպանագիտութեան, սփիւռքագիտութեան եւ այլ ոլորտներ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը նշեց, որ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի նախաշեմին հայագէտներու խօսքը պէտք է առաւել ծանրակշիռ դառնայ:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկաներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց յատկապէս Սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանութեան եւ հայերէնի երկու ճիւղերու մերձեցման խնդիրներուն` առաջարկելով մշակել հայագիտութեան զարգացման ծրագիր:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ ԳԱԱ 6 ինստիտուտներուն` Սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան համար:
Իր խօսքին մէջ ԵՊՀ տնօրէն Արամ Սիմոնեան եւս շեշտեց Սփիւռքի մեր հայրենակիցներու մասնակցութեան կարեւորութիւնը նման գիտաժողովներուն:
ԵՊՀ տնօրէնը խօսեցաւ թարգմանչական ոլորտին մէջ ներկայ խնդիրներուն մասին, կարեւոր նկատեց յատկապէս քաղաքական հայագիտութեան զարգացումը եւ նշեց, որ նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետեւողական ջանքերուն շնորհիւ պէտք է քայլեր ձեռնարկուին հայերէնի 2 ճիւղերու մերձեցման հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ:
ՀՀ ԳԱԱ-ի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս քարտուղար Յ.Սուվարեան նշեց, որ հայագիտութեան զարգացմամբ կը կանխուին նաեւ որոշ ազգերու կողմէ հայկական արժէքներու սեփականաշնորհման ուղղուած փորձերը:
Զեկուցումներով հանդէս եկան օտար, սփիւռքեան եւ հայաստանեան հայագէտներ` «Հնչիւնափոխութիւններու գործօնը անձնանուններու ձեւաւորման հարցին մէջ V-XV դարերու հայերէն ձեռագիրներու յիշատակարաններուն մէջ», «Գրիգոր Տաթեւացիի Իսլամի դէմ փաստարկներու տրամաբանական վերլուծութիւն», «Երեմիա Չելէպի Քեօմուրջեան` հայ պատմագրութեան «Նոր վերելքի» ականաւոր մունետիկ», «Կոստանդնուպոլսոյ հայ ամիրայութեան ձեւաւորումը» եւ այլ թեմաներով: