Տեղի Ունեցաւ Հայ-Իտալական Միջմշակութային Հաղորդակցութեան Ձեռնարկ

Սոյն թուականի յունիսի 30-ին, Իտալիոյ Ֆոլինիօ քաղաքի «Քարիթասի» (Caritas) կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանի աջակցութեամբ ու գործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ հայ-իտալական միջմշակութային հաղորդակցութեան ձեռնարկ մը։ Հայաստանէն մասնակցեցաւ «Նուռ» նուագախումբը՝ բարեսիրական համերգով, որ տեղի ունեցաւ Սկոպոլիի բերդին մէջ:

«Հայերն այսօր»-ի տեղեկացմամբ, համերգին ներկայացուեցաւ ինչպէս հայկական, այնպէս ալ իտալական երաժշտութիւն եւ խոհանոց։

Համերգը բարեյաջող ընթացաւ, ներկաներուն մէջ կային տարբեր երկրներու ներկայացուցիչներ։

Scroll Up