«Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պէտք է Միացեալ Նահանգներու Կողմէ Ճանչցուի». ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածու Թուլսի Կապարտ (տեսանիւթ)

ԱՄՆ Քոնկրեսի օրէնսդիր, 2020-ին կայանալիք ընտրութիւններուն նախագահի դեմոկրատ թեկնածու Թուլսի Կապատ կոչ կ՛ընէ զգալի փոփոխութիւններ կատարել երկրի վարած արտաքին քաղաքականութեան մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով արդար բանաձեւ ներկայացնել, ինչպէս նաեւ նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան ու բարգաւաճման:
Նախագահի թեկնածուն այս մասին ըսած է ԱՄՆ Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին (ANCA) ուղղուած տեսաուղերձին մէջ, ուր նաեւ պատմած է 2017-ին Հայաստան եւ Արցախ կատարած այցի մասին, կը փոխանցէ tert.am-ը:
«ԱՄՆ-ի հայ համայնքը աւելի քան մէկ դար իր դրական եւ ամբողջական դերակատարումը ունեցած է, եւ ես հպարտ եմ աջակցելով այս համայնքին, կանգնելով անոր` Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ արդար բանաձեւի ընդունման ձգտումներու կողքին: Հայոց Ցեղասպանութիւնը պէտք է ճանչցուի, որպէսզի մարդկութեան պատմութեան ամենասոսկալի յանցագործութիւններէն մէկուն վերաբերեալ արդար վճիռ կայացուի»,-ըսած է Կապարտ։
Ան նաեւ անդրադարձած է ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է պահպանէ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափին մէջ իր միջնորդական դերը, սակայն միեւնոյն ժամանակ այն պէտք չէ շարունակէ կեղծ հաւասարութեան քաղաքականութիւնը եւ ազնուօրէն չխօսի այն ժամանակ, երբ կողմերէն ոեւէ մէկը խախտէ հրադադարը:
«Միացեալ Նահանգներ անկողմնակալ միջնորդի դերը պահպանելու համար պէտք չէ առաջ տանի այնպիսի բանաձեւ, որ հիմնուած ըլլայ միայն Արցախի ու Հայաստանի կողմէ անյապաղ ու մշտական զիջումներու վրայ եւ միեւնոյն ժամանակ ենթադրէ Ատրպէյճանի կողմէ համարժէք զիջումներու բացակայութիւն»,-ըսած է ան:
Թեկնածուին համոզմամբ, «թէեւ հիմնախնդրի կարգաւորման հարցով տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին հաւատարիմ մնալը կարեւոր է, այնուհանդերձ` կարեւոր է նաեւ բոլոր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի յարգումը»:
Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Կապարտ ուսանողներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադարձած էր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին:
«Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով կ’ըսեմ, որ մենք կողմ ենք, որ ԱՄՆ կառավարութիւնը պաշտօնապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը»,-ըսած է ան:
Դեմոկրատական կուսակցութիւնը ներկայացնող քաղաքական գործիչը ընդգծած է, որ այդ ճանաչումը դեռ տեղի չէ ունեցած` Ուաշինկթընի մէջ թրքական լոպպիի ազդեցութեան պատճառով: