Պասքէթպոլ. Հայաստանի Հաւաքականը Յաղթեց Լիբանանին

Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող SSS միջազգային մրցաշարին պասքէթպոլի Հայաստանի ազգային հաւաքականը լարուած խաղով 90:85 հաշուով առաւելութեան հասած է Լիբանանի նկատմամբ:
Այս մասին կը հաղորդէ ՀԲՖ-ի մամլոյ ծառայութիւնը:
Հայաստանի հաւաքականի կազմին մէջ հանդիպման ամենաարդիւնաւէտ խաղցող ճանչցուած է Ալլան Հեսսը, որ չնայած վնասուածքին, մասնակցած է ամբողջ հանդիպման եւ վաստակած 23 միաւոր:
Յիշեցնենք, որ երէկ ընտրանին 63:72 հաշուով պարտուած էր Քաթարին