Բացում` «Ազդակ»-ի Երիտասարդ Աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի Գեղանկարչական Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2019/06/exhibition1_61919-730x342.jpg)
Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ին, երէկ` Չորեքշաբթի, 19 Յունիս 2019-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Ազդակ»-ի երիտասարդ աշխատակիցներէն Քրիստ Իսկենտերեանի գեղանկարչական առաջին անհատական ցուցահանդէսին, որ նուիրուած է Կոմիտասի ծննդեան 150-ամեակին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազդակ»-ը։
Բացման ու բարի գալուստի խօսքը արտասանեց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան, որ ըսաւ, թէ ասիկա առիթ է ծանօթանալու երիտասարդ գեղանկարիչի մը` Քրիստ Իսկենտերեանի արուեստին, որ տպաւորիչ է ո՛չ միայն իր ոճով եւ գոյներով, այլ նաեւ իր թեմայով: Ան դիտել տուաւ, որ ներկայացուած 60 գործերը գծուած են 5 տարիներու ընթացքին` 2014-2019, աւելցնելով, որ երիտասարդ գեղանկարիչը ազդուած է Հայոց ցեղասպանութենէն, հայութեան տարագրութենէն, բայց եւ այնպէս կառչած է նաեւ յոյսին եւ ապագայի վառ գոյներուն:
Անդրադառնալով Քրիստ Իսկենտերեանի եւ «Ազդակ»-ին միջեւ յատուկ կապին` Արշօ Պալեան մատնանշեց, որ ան 2017-ին միացաւ «Ազդակ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնած լրագրութեան վարժողական աշխատանքին եւ դարձաւ մասնակիցներէն «Ապագայ լրագրող»-ներու Ա. փուլի ծրագիրին, զոր աւարտելէ ետք, այսօր, արդէն օրաթերթի անձնակազմին մաս կը կազմէ` բոլորը տպաւորելով իր ճշդապահութեամբ, հետեւողական աշխատանքով, բծախնդրութեամբ ու ինքնավստահութեամբ: Ասկէ մեկնած, «Ազդակ» ուզած է քաջալերել երիտասարդ աշխատակիցը եւ նախաձեռնած այս ցուցահանդէսին:
Ապա խօսք առաւ եւ երիտասարդ գեղանկարիչի գործերուն մասին խօսեցաւ «Ազդակ»-ի «Արուեստի էջ»-ի պատասխանատու, արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, որ դիտել տուաւ, թէ Հայաստանէն Լիբանան վերադառնալով, 1981-ին, ստանձնեց երկու առաքելութիւն` աշխատանք, որպէսզի գաղութը առաւել եւս սիրէ, գնահատէ եւ ընկալէ կերպարուեստն ու մշակոյթը, իսկ երկրորդ` քաջալերել սկսնակները, յատկապէս երիտասարդները: Ան աւելցուց, որ սկիզբը ան քաջալերած ու գովաբանած է բոլոր երիտասարդները, սակայն տարիներ ետք անդրադարձած է, թէ եթէ ցորենը առողջ է, այն ատեն պէտք է ցանուի առողջ միջավայրի մէջ, գուրգուրանք ու խնամք ստանայ, որպէսզի աճի ու արտադրէ: Մ. Հերկելեան առողջ ցորենի հատիկ նկատեց Քրիստ Իսկենտերեանը, որուն Աստուած տաղանդ, շնորհ ու կրակ տուած է, որպէսզի ստեղծագործէ եւ արդէն իսկ իր կրակին տուած արգասիքին հունձքով ներկայանայ հանրութեան: Ան դիտել տուաւ, որ արուեստը անվերջ ուսումնասիրութեան կը կարօտի, որպէսզի գեղանկարիչը զարգանայ: «Այս երիտասարդը տաղանդը ունի, նաեւ` ստեղծագործելու տենչը. իրեն կը մնայ անընդհատ զարգացնել այդ բոլորը, չհրաժարիլ տքնաջան աշխատանքէ, որպէսզի հաւասարի մեծերուն` միշտ նպատակ ունենալով համաշխարհային արուեստագէտ ըլլալ», հաստատեց Մ. Հերկելեան` նշելով, որ Քրիստ Իսկենտերեան ներշնչուած է Փոլ Կիրակոսեանի արուեստէն, ինչ որ ինքնին շնորհ մըն է: Ան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր արուեստագէտ իր գործերուն մէջ անընդհատ պէտք է ինքզինք փնտռէ, որպէսզի տարբերի բոլորէն, կերտէ իր անհատականութիւնը եւ ընդունելի ըլլայ բոլորին կողմէ` իր նախորդներուն վրայ բան մը աւելցնելով թէ՛ իբրեւ գործ, եւ թէ՛ իբրեւ որակ:
Դոկտ. Հերկելեան ըսաւ, թէ յատկանշական է Քրիստ Իսկենտերեանի Կոմիտաս գործը, որ իր արտայայտչականութեամբ, բովանդակութեամբ, իմաստով, համադրութեամբ կը զատորոշուի միւսներէն` այսպիսով երիտասարդ արուեստագէտը եւս կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ:
Աւարտին իր սրտի խօսքը ուղղեց Քրիստ Իսկենտերեան, որ ըսաւ, թէ իր գործերուն մէջ երեւցող մարդոց մէջ ներկայութիւն է 150-ամեայ անմահ Կոմիտաս վարդապետը, ներկայութիւն են Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակները, տարագրութեան ճամբուն վրայ կեանքէն հեռացողներն ու վերապրողները, նաեւ` հայրենի աշխարհի կռունկները, մարդոց կեանքն ու առօրեան: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Ազդակ»-ի մեծ ընտանիքին, որուն ջանքերով ու քաջալերանքով ընթացք առաւ իր սլացքը: Երիտասարդ գեղանկարիչը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հաւատացին իր արուեստին, նեցուկ կանգնեցան ու կը քաջալերեն զինք:
Ապա ներկաները դիտեցին «Փիւնիկ» սրահը հարստացուցած Քրիստ Իսկենտերեանի պաստառները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է տարբեր իւրայատկութեամբ, գոյներու համադրումով, ներկայացման ուրոյն ձեւով: Հոն է հայութեան կեանքն ու մահը ամբողջ, հոն են սպանդն ու վերապրումը, տարագրութիւնն ու վերամիացումը, յարութիւնն ու վերընձիւղումը: Ստեղծագործութիւններուն մէջ գրաւիչ ձեւով ու հետաքրքրական ներկայացմամբ կ՛երեւին մարդոց առօրեան, աշխատանքը, հեւքոտ կեանքէն պատկերներ, նաեւ` մարդկային ամէնէն նուիրական զգացումներ:
«Ազդակ»-ի ընտանիքին անունով բարի երթ կը մաղթենք երիտասարդ նկարիչին` հաւատալով, որ ան կանգ պիտի չառնէ այս առաջին ցուցահանդէսով: Այստեղ յայտնենք, որ այս ցուցահանդէսը կը յատկանշուէր մանաւանդ մեծաթիւ երիտասարդներու ներկայութեամբ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ շաբաթ օր` նոյն վայրին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00: