Վլատիմիր Փութինը պարգեւատրած է Արա Աբրահամեանի եղբայրը

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը պարգեւատրած է 6 արտասահմանցիներու` «Բարեկամութեան հաստատման ու համագործակցութեան, տնտեսական ու մշակութային կապերու զարգացման գործին մէջ մեծ աւանդի համար»:

Ըստ slaq.am-ի` «Ռոսսիյսկայա գազետա»-ն կը նշէ, որ Վիեթնամի, Ատրպէյճանի, Ինտոնեզիոյ եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներու շարքին պարգեւատրուած է նաեւ «Ճէյ – Սի – Էյ – Հայաստանի ոսկերիչներու ընկերութեան» ղեկավար Գագիկ Աբրահամեան:

Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի եղբայր Գագիկ Աբրահամեան պարգեւատրուած է Բարեկամութեան մետալով:

Scroll Up