Մէօտոնի Մէջ Հայկական Մեծ Երեկոյթ՝ Երկրաշարժի 30-րդ Տարելիցին Առթիւ Նաեւ Ի Մեծարանք՝ Ազնաւուրին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2018/12/13682.jpg)
Շաբաթ, Դեկտեմբեր 8-ի երեկոյեան Մէօտոնի Արուեստի եւ մշակոյթի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման երեկոյթ մը, որ նուիրուած էր Սպիտակի երկրաշարժի 30-րդ տարելիցին, ինչպէս նաեւ Շառլ Ազնաւուրի թարմ յիշատակին: Այս մասին կը յայտնէ «Նոր Յառաջ»-ը:
Աւելի քան 400 հանդիսականներ ներկայ էին սրահին մէջ: Հոն էին Մէօտոնի քաղաքապետ Տընի Լառկերօ, փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովնանեան, Ֆրանսայի «Հայատան» հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան, Մէօտոնի քաղաքապետական խորհրդական Ալէն Սերճանեան, Իսիի փոխքաղաքապետ Արթիւր Խանճեան, որ կը ներակայացնէր քաղաքապետ Անտրէ Սանթինին եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ: Նախատեսուած էր նաեւ ՀՀ դեսպանուհի տիկ. Յասմիկ Տոլմաջեանի ներկայութիւնը, բայց փարիզեան ծանօթ իրադարձութիւններուն պատճառաւ չէր կրցած գալ:
Ձեռնարկին «կնքահայրութիւն»-ը ստանձնած էր շարժանկարի բեմադիր Ռոպէր Քէշիշեան, որու կողքին նախատեսուած էր նաեւ Սերժ Աւետիքեանի ներկայութիւնը, որ սակայն բանաւոր պատճառներով բացակայ էր:
Երեկոյթը վարեց Ռոպէր Քէշիշեան:
Ցուցադրուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ «Հայաստան» հիմնադրամի տարած աշխատանքները ներկայացնող ժապաւէն մը:
Գործադրուեցաւ իսկապէ՛ս յաջող գեղարուեստական բաժին մը, որուն մասնակցեցան «Փոտիոմ» խումբի անդամ երգչուհի քոյրեր Նունէ, Անոյշ եւ Էսթէլ Ճաճիքեան, ԺԱՖ-ի «Անի» պարային համոյթը, «Արձագանգ» երգչախումբը: Երիտասարդ Աքսէլ Գազանճը դուդուկի մեղեդիներով հմայեց սրահը:
Բայց այս բոլորին մէջ ամենէն կարեւորը ձեռնարկին բարեսիրական նպատակն էր: Արդարեւ, հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուէր «Հայաստան» հիմնադրամին եւ սկիզբը նախատեսուած էր այդ գումարով Տաւուշի 300 ընտանիքի մատակարարել պտղատու 3-ական ծառատունկ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը առաւելագոյնը չորս տարիէն պիտի տայ 250 քկ. պտուղ: Բայց ահա պատահեցաւ հաճելի անականկալը՝ հանդիսականներու թիւը ակնկալուածէն շատ աւելի մեծ եղաւ, գրեթէ կրկնապատիկը, սրահը լեցուեցաւ բերնէ-բերան, ինչ որ կարելի պիտի դարձնէ ոչ թէ 300, այլ 5.000 ընտանիքի ծառատունկ մատակարարել: Հոս, անմիջապէս ըսենք, թէ պէտք չէ լոկ մաթեմատիկական հաշիւներու մէջ մխրճուիլ, քանի «գործին» մէջ կը մտնէ Մէօտոնի քաղաքապետութեան բերած աջակցութեան ազդակն ալ, առանց մոռնալու նաեւ այս առիթով՝ Մէօտոնի «Ռոթարի» ակումբին կողմէ Պրն. Պետրոս Թերզեանին յանձնուած վճարագիրը ՝ իբրեւ զօրակցական ներդրում:
Յամենայն դէպս, երախտիքի մեծ բաժինը կ՚իյնայ քաղաքապետ Տընի Լառկերոյին, որ այս գործողութեան գաղափարին հեղինակն իսկ է եւ փոխքաղաքապետ Լեւոն Յովնանեանին, առանց որոնց անկարելի պիտի ըլլար թէ՛ նման ձեռնարկի կազմակերպումը, թէ՛ ալ նման յաջող արդիւնք: Նաեւ վարձքը կատար բոլո՛ր անոնց, որոնք կարճ ժամանակի մէջ, մեծ անձնուիրութեամբ, ջանք չխնայելով՝ գլուխ հանեցին այս յաջող ու ազգօգուտ ձեռնարկը:
Թ.Շ.