«Կոլաժ» Թատերախումբին Նպատակը Ազգային Աւանդոյթներու Պահպանումն Է». Արմինէ Գաբրիէլեան

Ֆրանսայի «Կոլաժ» թատերախումբի գեղարուեստական ղեկավար, դերասանուհի Արմինէ Գաբրիէլեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին մանրամասներ կը ներկայացնէ թատերախումբին կողմէ Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած ներկայացնումներուն, ինչպէս նաեւ իրենց գործունէութեան մասին:

Կը նախատեսուի Յովհաննէս Թումանեանի հեքիաթները ներկայացնել Ֆրանսայի հայկական վարժարաններուն մէջ: Ո՞վ է նախաձեռնութեան հեղինակը, ո՞րն է նպատակը եւ ո՞ր վարժարաններուն մէջ պիտի ցուցադրուին: Ներկայացման մէջ ի՞նչ դերասաններ  ընդգրկուած են:

– «Կոլաժ» թատերախումբն արդէն քանի մը տարի է, որ Փարիզի մէջ  եւ Փարիզէն դուրս ներկայացումներ կը խաղայ: Մենք շատ աշխոյժ կը մասնակցինք գրեթէ բոլոր մշակութային ծրագիրներուն: Քանի որ այս տարի կը լրանայ Յովհ. Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակը, մեր թատերախումբը` կազմակերպիչներ եւ հիմնադիրներ` Լիլիթ Մարկոսեանի, Ստեֆանի Ռաջաբեանի եւ Հեղինէ Տէր-Օհաննէսեանի հետ միասին, կազմակերպեց «Թումանեանի հէիքաթները» խորագիրով ներկայացում եւ որոշեցինք այն ներկայացնել Փարիզի մէջ գործող բոլոր հայկական դպրոցներուն մէջ:

Անձնակազմը համալրուած է ինչպէս մասնագէտներով, որոնք երկար տարիներու փորձ, մասնագիտական համապատասխան կրթութիւն ունին, այնպէս ալ սկսնակ դերասաններով, որոնք վստահ կրնամ ըսել, որ իրենց խաղով չեն զիջեր արհեստավարժներուն: Առանձնայատուկ կ՛ուզեմ անդրադառնալ Ռաֆայէլին. այս երեխան ծնած է Ֆրանսա, հրաշալի կը խօսի հայերէն, նկարահանուած է ֆրանսական  շարք մը գեղարուեստական ֆիլմերու մէջ, Հոլիուտէն վերադարձած է ոսկէ եւ արծաթէ շքանշաններով: Առհասարակ, մեր խումբի իւրաքանչիւր երեխայ  նոր գոյն ու կերպար մըն է, Մարգուշիկը, Նոեմին, Անաբելլան, Սեւանան, Սաշան, Աշոտը, Մելանին, Իզան, Արմանը, այս երեխաները սիրով ու մեծ պատասխանատուութեամբ կը մօտենան իրենց աշխատանքին:

Խումբի ստեղծման գլխաւոր նպատակներէն մէկն ալ այն է, որ հայրենիքէն դուրս` գտնուելով երկրորդ հայրենիքի մէջ, չմոռնալ մեր հայ մեծերը, հայ մշակոյթը, հայ գրականութիւնը: Վերհանել կարեւորագոյնը` փոքրերու եւ ինչու չէ՞, նաեւ մեծերու համար, խրախուսել ազգային աւանդոյթներու պահպանումն ու շարունակութիւնը, եւ հայ մանուկներուն տալ այն ամէնը,որուն պակասը կը զգան անոնք` գտնուելով Հայաստանէն դուրս:

Ո՞ր հեքիաթները պիտի ներկայացուին եւ ինչպէ՞ս  կատարուած է ընտրութիւնը: Ին՞չ  ցանկացած էք հեքիաթներու միջոցով արտայայտել կամ փոխանցել երեխաներուն:

– Հեքիաթներու ընտրութիւնը  քիչ մը դժուար էր, քանի որ այստեղ ունինք լեզուի հետ կապուած  փոքր խնդիր մը: Դպրոցներուն մէջ երեխաները կը սորվին արեւմտահայերէն, եւ այն աւելի հասանելի է անոնց: Հետեւաբար, փորձեցի ընտրել այն հեքիաթները, որոնք  կրնամ բեմադրել այնպէս, որպէսզի արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով եղած մէջբերումները, երկխօսութիւնները չեն կորսնցներ թումանեանական շունչը, համն ու հոտը, ինչպէս նաեւ այն հեքիաթները, որոնք աւելի մեծ ճանաչում ունին ֆրանսահայ երեխաներուն մօտ` «Անբան Հուռին», «Սուտասանը», «Շունն ու Կատուն»,«Կիկիոսի Մահը»:

Մանկական հեքիաթները, առաջին հերթին, խրատներ ու խորհուրդներ են երեխաներուն` իրենց համար մատչելի օրինակով, գունաւոր նկարագրութիւններով, հեքիաթային հերոսներով ու բազմագոյն կերպարներով: Հետեւաբար, մեր նախաձառնութեան խորհուրդը մէկ է`  մանուկները պատրաստել հասուն կեանքի, ճանաչելի դարձնել չարն ու բարին եւ տալ անոնց ընտրութեան հնարաւորութիւն: Այս ամէնը կ՛ ընենք ներկայացումներու ընթացքին ստեղծելով անմիջական կապ, հարց ու պատասխան հանդիսատես-երեխաներու հետ: Բեմէն կը փորձենք այդ ընթացքին ապահովել նաեւ ուրախ եւ զուարճալի մթնոլորտ:

Տեղեակ եմ, որ ամառը կը նախատեսէք նաեւ երաժշտական ներկայացում: Կը մարամասնէ՞ք :

– Կայանալիք ներկայացումը պիտի ըլլայ երաժշտական շոու-ներկայացում, ուր ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ Լիդուշիկը: այս ներկայացման գաղափարը ծնած էր դեռ շատոնց, բայց այն շատ աշխատատար ներկայացում է, կը պահանջէ շատ երկար նախապատրաստական ժամանակ: Ներկայացումը բացառիկ է իր ժանրային առանձնայատկութեամբ: Երկար ջանքերէ յետոյ այն վերջապէս կեանքի կը կոչուի ամառը, ի հարկէ, սիրուած երգչուհի Լիդուշիկի օգնութեամբ:

«Կոլաժ» թատերախումբը  կը համագործակցի «Հայդաս» մէկօրեայ վարժարանի եւ «Կայծ», «Նոր սերունդ» մշակութային կեդրոնին հետ:

Նպատակը այն է, որպէսզի ֆրանսահայ երեխաները ճանչնան հայ սիրուած երգիչ-երգչուհիներուն, դերասան-դերասանուհիներուն, շփուին անոնց հետ, ծանօթանան անոնց արուեստին, եւ ի հարկէ, ասիկա վերջինը պիտի չըլլայ, շարունակելի գաղափար է եւ յետագային կը հրաւիրուին շատ ու շատ յայտնի ու սիրուած արուեստագէտներ:

«Կոլաժ» թատերախումբի ներկայացումներու ծիրէն ներս յաճախակի կը հրաւիրուին մասնագէտ եւ յայտնի դերասաններ: Երկու տարի առաջ Հայաստանէն ու Ռուսաստանէն հրաւիրած էինք դերասանուհիներ Ռուզաննա Մաթեւոսեանը եւ Սիլուի Բարկովան, այնուհետեւ Ալբերտ Եզակեանը, Էդուարդ Աբրահամեանը, Ֆրունզէ Գէորգեանը եւ Հայկ Կոտանեանը. վերջիններս կը շարունակեն համագործակցիլ մեզի հետ:

«Կոլաժ»  թատերախումբն աշխատանքի, նոր գաղափարներու եւ մօտեցումներու շնորհիւ կարճ ժամանակուան մէջ շատ սիրուած եւ սպասուած  դարձած է: Այդ պատճառով մենք միշտ պէտք է հանդիսատեսին ներկայանանք հետաքրքիր, նորովի եւ չկրկնուող, թէ՛ հագուստներով եւ թէ՛ բեմի, լուսային ու ձայնային ձեւաւորմամբ եւ կարեւորը` ըսելիքով:

Տեղեակ եմ, որ կը նախատեսուին նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Ին՞չ ձեռնարկներ են եւ ո՞ւր պիտի կայանան:

– Փարիզի Ալֆորվիլ քաղաքի քաղաքապետարանին կողմէ ստացանք առաջարկ` բեմադրելու Կոմիտաս վարդապետի 150-ամեակին նուիրուած ներկայացում: Այս առիթով եւս, մեր թատերախումբը ջանքեր չի խնայեց, որպէսզի ներկայացումը անցնի բարձր մակարդակով: Ասիկա հրաշալի առիթ է եւս մէկ անգամ ներկայանալու հայ եւ ֆրանսացի հանդիսատեսին:

Արդէն իսկ ներկայացման աշխատանքներն աւարտուած են: Բանալով փակագիծերը` ըսեմ, որ յատուկ այդ ձեռնարկին համար Մոսկուայէն պիտի հրաւիրենք մեր հայրենակից,  դերասան եւ բոմադրիչ Խորէն Չախալեանը, որ այժմ կ՛աշխատի Մոսկուայի թատրոններէն մէկուն մէջ: Ան պիտի ըլլայ հեղինակ-բեմադրիչը: Ներկայացումը կը կայանայ աշնան, իսկ մանրամասներու մասին կը խօսինք աւելի ուշ:

Լուսինէ Աբրահամեան

Scroll Up