Հայոց Ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի Եւ Լեռնալիբանանի Սովի Յիշատակներուն Նուիրուած Խորհրդաժողով
«Ազդակ»- Կազմակերպութեամբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, կուսակցութեան Սայֆիի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդաժողով մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանի սովի յիշատակներուն:
Խորհրդաժողովը, որ կը կրէր «Եւ կը մնան ազատ» խորագիրը, կ՛ընդգրկէր նաեւ վերոնշեալ երեք ահաւոր ցեղասպանութիւնները ներկայացնող լուսանկարներու եւ պատմական փաստաթուղթերու ցուցահանդէս մը:
Խորհրդաժողովին ներկայ գտնուեցան Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ընկերային հարցերու նախարար Ռիշար Գույումճեան, երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ, Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Սեպուհ Գալփաքեան, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի ներկայացուցիչ` երեսփոխան Անթուան Փանօ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ներկայացուցիչ` նախկին նախարար Ճօ Սարգիս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի ներկայացուցիչ հայր Սմբատ վրդ. Սապունճեան, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր – Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի ներկայացուցիչ` Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ասորի համայնքի Լեռնալիբանանի առաջնորդ Ժորժ Սալիպա եպիսկոպոս, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Նազար Նաճարեան, ինչպէս նաեւ Ասորիներու լիկան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը:
Խորհրդաժողովին զեկուցաբերներն էին Մարք Ապու Ապտալլա, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, Սեն Ժոզեֆ համալսարանի պատմութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու Քրիսթիան Թաութալ եւ Մարոնի համայնքի կեդրոնի գիտահետազօտող հայր Ըսթֆեն Խուրի:
Խորհրդաժողովը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով վերոնշեալ ցեղասպանութիւններուն եւ սպանդներուն ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակը:
Խորհրդաժողովին բացումը կատարեց երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ, որ յայտնեց, թէ իրենք միշտ հետապնդած են այդ արդար հարցերը եւ պահանջած անոնց արդար լուծումը:
Ան նկատել տուաւ, որ պէտք է ճշմարտութիւնները ընդունիլ եւ վերջ տալ հարցերուն ու իրականութեան դիմադրելու երեւոյթին:
Ան հաստատեց, որ պէտք է պատմութիւնը եւ պատմական ճշմարտութիւնները նկատի առնել եւ ազգային հաշտութիւններ կնքել` աւելցնելով, որ պատմական ճշմարտութիւնները ընդունիլ չի նշանակեր Լիբանանի յարաբերութիւնները այլ երկիրներու եւ պետութիւններու հետ խանգարել:
Ան հաստատեց, որ իրենք պայքարած են նաեւ Լիբանանի նոր պատմութեան դասագիրքին համար, որուն մէջ հայութեան կամ ասորիներուն անունը ոչ իսկ նշուած է, եւ կասեցուցած են այդ գիրքին տպագրութիւնը` ընդգծելով, որ անկարելի է ընդունիլ, որ պատմութիւնը նորահաս սերունդներուն մասնատուած եւ պակասաւոր կերպով ներկայացուի:
Ան աւելցուց նաեւ, որ իրենք այս իմաստով առաջարկած են նաեւ Ազգային օր մը յայտարարել` նշելու համար Հայոց ցեղասպանութեան, Սէյֆոյի եւ Լեռնալիբանանի սովին յիշատակը: Այս առաջարկը, որ իբրեւ օրինագիծ պիտի ներկայացուի խորհրդարանին, քննարկած են Լիբանանի երեք հայկական կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ասորիներու լիկային հետ: Ազգային օրուան նպատակն է յիշեցնել այդ երեք ահաւոր դէպքերը, որպէսզի անոնք ապագային չկրկնուին:
Ապա խօսք առաւ առաջին զեկուցաբեր Մարք Ապու Ապտալլա, որ շեշտեց, թէ նման խորհրդաժողով մը կազմակերպելը` 6 մայիսին` խորհրդանշական է, յատկապէս երբ անիկա Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնին մէջ կը կատարուի:
Ապու Ապտալլա իր նիւթով անդրադարձաւ Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններուն հետ Օսմանեան կայսրութեան ունեցած աշխարհաքաղաքական յարաբերութիւններուն:
Երկրորդ զեկուցաբերն էր Հապիպ Աֆրամ, որ անդրադարձաւ այս երեք ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ Թուրքիոյ ցուցաբերած ուրացման քաղաքականութեան: Ան շեշտեց, որ այդ մասին միշտ պիտի յիշեցնեն եւ անոնց ճանաչումը մնայուն կերպով պիտի պահանջեն` աւելցնելով, որ իրենց հաւաքական յիշողութիւնը վերացական չէ, ստեղծագործական չէ եւ ո՛չ ալ վրէժխնդրութիւն կը հետապնդէ, այլ` անիկա ապագայի համար յիշողութիւն է:
Ապա խօսք առաւ Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ հիմնականին մէջ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ անոր յաջորդած հատուցումներու պահանջներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն` Թուրքիոյ կառավարութեան վարած ժխտողական քաղաքականութեան շրջագիծին մէջ:
Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ համիտեան ջարդերուն, Ատանայի կոտորածին եւ ապա 1915-1918 տեւած Հայոց ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին նահատակուեցան մէկուկէս միլիոն հայեր:
Ան հաստատեց, որ հայոց հիմնական ներկայութիւնը Արեւելեան Անատոլուի մէջ էր` ընդգծելով, որ հայոց թիւը կը հաշուէր երկու միլիոն չորս հարիւր հազար, որոնցմէ մէկուկէս միլիոնը սպաննուեցան:
Վ. Եագուպեան նկատել տուաւ, որ հայերը ո՛չ միայն իրենց կեանքը կորսնցուցին, այլեւ` իրենց կալուածները, աշխատանքը, ինչքերը, դպրոցները, եկեղեցիները, վանքերը, ազգային եւ մշակութային աւանդները:
Ան ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը կը պահանջէ Թուրքիոյ պետութենէն, որ Օսմանեան կայսրութեան օրինական ժառանգորդն է` ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ներում հայցել եւ հատուցել զայն` նիւթական եւ բարոյական առումով:
Վ. Եագուպեան պահանջուած արդար հատուցումը բացատրեց միջազգային չափանիշներու հիման վրայ` ՄԱԿ-ի ճշդած օրինական պայմաններով, հաստատելով, որ Թուրքիան չի կրնար պատճառաբանել, թէ ինք հայոց դէմ Ցեղասպանութիւն չէ գործած` նկատի ունենալով Օսմանեան կայսրութեան լիիրաւ յաջորդը, հետեւաբար նաեւ` այդ արարքներուն պատասխանատուն ըլլալը:
Ան անդրադարձաւ Սեւրի դաշնագիրին, որ ստորագրուեցաւ Թուրքիոյ կողմէ եւ որուն հիման վրայ Հայաստանի սահմանները ճշդուեցան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի կողմէ` շեշտելով, որ Սեւրի դաշնագիրին գործադրութիւնը պահանջուած է:
Վ. Եագուպեան անդրադարձաւ նաեւ շարք մը հարցումներու, որոնք յաճախ կը տրուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Ան ընդգծեց, որ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ փոքրամասնութիւններուն դէմ գործուած սպանդներուն մասին բոլոր տեղեկութիւնները կու գան 1919-ին օսմանցի դահիճներուն դատավարութիւններէն` աւելցնելով, որ այդ դատավարութիւններուն ընթացքին կատարուած բոլոր խոստովանութիւնները եւ բացայայտուած իրականութիւնները գաղտնի կը մնան թուրք կառավարութեան կողմէ, որովհետեւ անոնք կը հաստատեն Օսմանեան կայսրութեան գործած ահաւոր ոճիրները:
Վ. Եագուպեան իր խօսքը եզրափակեց շեշտելով Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին կարեւորութիւնը, որպէսզի ան հաշտուած ըլլայ ինքն իր պատմութեան հետ եւ հայութեան նկատմամբ յարգանք ցուցաբերէ ու հայ ժողովուրդը հատուցէ` նիւթապէս եւ բարոյապէս:
Քրիսթիան Թաութալ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Լեռնալիբանանի սովի աւանդին` հաստատելով, որ անիկա Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ահաւոր էջն է, որուն ընթացքին թէ՛ իսլամը եւ թէ՛ քրիստոնեան միասին ջարդուեցան, «այսինքն` սովամահ դարձած Լեռնալիբանանի բնակչութեան 30 առ հարիւրին 15 առ հարիւրը իսլամներ էին, իսկ մնացեալը` քրիստոնեաներ», ըսաւ ան` շեշտելով, որ այդ դէպքին շուրջ լիբանանցիները պէտք է համախմբուին եւ իրենց պատմութեան մասին սորվին ու ոչ թէ զայն ժխտեն կամ մոռցնելու փորձեր կատարեն:
Նոյն թղթածրարին մասին խօսեցաւ հայր Ըսթֆեն Խուրի, որ յայտնեց, թէ իր մեծ հայրը Լեռնալիբանանի սովամահ նահատակներէն է: Ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը Լեռնալիբանանի սովը կը նկատէ բնական աղէտ եւ զայն չի տեսներ իբրեւ Լեռնալիբանանի բնակչութեան դէմ գործուած կանխամտածուած ցեղասպանութիւն, որուն մասին թուրք դահիճներէն Էնվեր փաշա Ճեմալ փաշային յղած նամակին մէջ յստակ կերպով հաստատած է. «Օսմանեան կառավարութիւնը իր ազատութիւնն ու պատիւը կը վերականգնէ, երբ թրքական կայսրութիւնը հայ եւ լիբանանցի ժողովուրդներէն զերծ մնայ: Առաջինը սուրով սպաննեցինք, իսկ երկրորդը սովամահ պիտի դարձնենք», մէջբերեց հայր Ըսթֆեն Խուրի: