Հայկական Համայնքը Հարստացուցած է Մեր Անհատականութիւնն ու Մշակոյթը. Արժանթինի Նախագահին Ուղերձը Ցեղասպանութեան Տարելիցին Առիթով
Ապրիլ 24-ը Արժանթինի մէջ հռչակուած է «Ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ յարգանքի օր»՝ ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու: Տարելիցին առիթով՝ Արժանթինի նախագահ Մաուրիսիօ Մաքրին գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օրը ես կը փափաքիմ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել հայկական մեծ համայնքին, որ ընտրած է Արժանթինը՝ այստեղ ապրելու եւ ապագայ կառուցելու համար՝ հարստացնելով մեր անհատականութիւնն ու մշակոյթը»: