Ամսթըրտամի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Ձեռնարկ Կազմակերպուած Է

Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթըրտամի մէջ ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ձեռնարկ կազմակերպուած է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնպրես»-ը, այս մասին կը յայտնէ Հոլանտայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Բալայեան:

Ձեռնարկին, որուն մասնակցած են Հոլանտայի խորհրդարանականներ, ծաղիկներ  դրուած են Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշատախտակին մօտ:

Ոգեկոչման արարողութիւններ  տեղի պիտի ունենան նաեւ Ասեն եւ Ալմելօ քաղաքներուն մէջ:

Իսկ Հաագայի կեդրոնական հրապարակին վրայ`խորհրդարանն եւ կառավարութեան շէնքին կից, ապրիլ 23-ին կայացած էր հանրահաւաք, որ կազմակերպած էին Հոլանտահայ համագործակցող կազմակերպութիւնները: Հանրահաւաքին ներկայ էին Հոլանտայի խորհրդարանի ութ պատգամաւոր եւ այլ ականաւոր անձիք, որոնք իրենց ելոյթներուն մէջ շեշտած էին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը եւ կոչ ըրած Հոլանտայի կառավարութեան լիարժէք ճանչնալու զայն:

Scroll Up