Իռլանտայի ՄԷջ Բացուած Է Հայկական Խաչքարերուն Նուիրուած Ցուցահանդէս

Իռլանտայի  հայ համայնքի նախաձեռնութեամբ ապրիլ 24-ին տեղի  ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման արարողութիւն` Իռլանտայի մայրաքաղաք Տուպլինի «Քրիստոս Փրկիչ» տաճարին մէջ:

Ձեռնարկի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է նաեւ «Խաչքար Իռլանտայի համար» խորագիրով լուսանկարներու ցուցադրութիւն, որ կը շարունակուի նաեւ մայիս ամսուան ընթացքին:

«Այս բացառիկ լուսանկարներու միջոցով, այցելուները հնարաւորութիւն կ’ունենան հետաքրքիր շատ բան պարզելու հայկական խաչքարերու եւ իռլանտական աւանդական խաչ-յուշարձաններու նմանութեան եւ տարբերութիւններու մասին»,- «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ, կը յայտնէ CatholicIreland.net-ը:

Երեկոյին ներկայ էին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ Մեծ Բրիտանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեան, տուպլինահայ համայնքի, Իռլանտայի դիւանագիտական մարմնի, Իռլանտայի արտաքին գործոց եւ առեւտրական բաժանմունքի, տարբեր երկիրներու, ներառեալ` Իռլանտայի, Յունաստանի, Եթովպիոյ եկեղեցիներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ:

Scroll Up