Փայլան Նախագիծ Մը Ներկայացուցած Է Խորհրդարան` Պարզել 1915թ. Ապրիլ 24-ին Սպաննուած Հայ Մտաւորականներու Աճիւններու Գտնուելու Վայրը

Թուրքիոյ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական» կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարան (մէճլիս)  ներկայացուցած է  նախագիծ մը, որմով կ՛առաջարկուի ուսումնասիրել 1915թ. ապրիլ 24-ին կալանաւորուած եւ յետոյ սպաննուած հայ մտաւորականներու ճակատագիրը, պարզել անոնց աճիւններու գտնուելու վայրը` յաւուր պատշաճի յուղարկաւորելու համար:

Փայլանի ներկայացուցած առաջարկին մէջ նշուած է. «Մեր խորհրդարանը Օսմանեան եւ հայ ժողովուրդի լուսաւորութեան համար պայքարած, կրթական կառոյցները կանգուն պահած, գրող, ստեղծագործող եւ այս հողերուն վրայ սպաննուած մտաւորականներու իրաւունքը պէտք է ներկայացնէ եւ անոնց յիշատակը վառ պահէ»:

Ան, նշելով, որ հայերը 104 տարի է արդարութեան կը սպասեն, ընդգծած է. «Հայոց ցեղասպանութիւնն աշխարհի տասնեակ երկիրներու խորհրդարանի հարցը  դարձած է, սակայն Թուրքիոյ ազգային մեծ ժողովին ընդհանրապէս չէ քննարկուած: Մինչդեռ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը պէտք է քննարկուի հէնց այն խորհրդարանին մէջ, որուն երկրին մէջ այդ ողբերգութիւնը տեղի ունեցած է:

Աշխարհի բոլոր կողմերը սփռուած Թուրքիոյ հայերը 104 տարի է` արդարութեան կը սպասեն: Այդ արդարութիւնը, սակայն, հնարաւոր է հաստատել միայն Թուրքիա ապրող ժողովուրդներու հոգիին մէջ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանէն ներս»:

Աղբիւր`    Ermenihaber.am

Scroll Up