Ինչպէս Ներկայացուած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը Փորթուկալի Խորհրդարանին ՄԷջ. Վահէ Մխիթարեան Կը Պարզաբանէ
Ապրիլ 26-ին Փորթուկալի խորհրդարանին մէջ (Ասամպլէա) առաջին անգամ բարձրաձայնուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստը եւ հրաւիրուեցաւ կարեկցանք յայտնելու քուէարկութիւն:
Լիագումար նիստի ընթացքին պատգամաւորները քուէարկութեամբ իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն, եւ ինչպէս նշուած է յայտարարութեան մէջ. «Հանրապետութեան Ասամպլէան լիագումար նիստի ընթացքին իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ 1915 թ. Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն` պահպանելով յիշողութիւնը որպէս ժողովուրդներու հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքներու պաշտպանութեան կարեւոր տարր»:
Խորհրդարանի 230 պատգամաւորներէն միայն 4-ը ձեռնպահ քուէարկած են, որոնցմէ երկուքը Փորթուկալ-Թուրքիա խորհրդարանական բարեկամական խումբի անդամ են:
Քուէարկութենէն յետոյ փորթուկալացի պատգամաւորները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը:
Ապրիլ 26-ին Փորթուկալի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած պատմական քուէարկութիւնը տարիներու աշխատանքի արդիւնք է նաեւ, որ իրականացուցած է Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամական միութիւնը: Վերջին 2-3 տարուան ընթացքին միութեան ջանքերով Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներ տպագրուած են Փորթուկալի ԶԼՄ-ներուն մէջ, իրականացուած տարաբնոյթ ձեռնարկներ: «2016 թուականէն ի վեր, երբ ստեղծուեցաւ Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամութեան միութիւնը, սկսանք հանդիպիլ Փորթուկալի Ազգային ժողովի կարեւոր քաղաքական կուսակցութիւններու անդամներուն հետ` քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ հնարաւոր համագործակցութեան ուղիները, միաժամանակ փորձեցինք հասկնալ փորթուկալացի պատգամաւորներու վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան եզրոյթի շուրջ, քանի որ, ցաւօք, Փորթուկալի մէջ շատ քիչերը իրազեկուած են այս թեմայով: Հայոց ցեղասպանութեան հարցը երկրի Ազգային ժողովին մէջ երբեք քննարկման նիւթ չէ եղած:
Հասկնալով, որ այս հարցը անոնց կը հետաքրքրէ, սկսանք որոշակի քայլեր ձեռնարկել եւ տեղեկատուութիւն տրամադրեցինք` փորձելով անոնց հնարաւորութիւն տալ ամբողջական պատկերացում կազմելու, թէ իրականութեան մէջ ինչ եղած է 1915 թուականին, թէ առ այսօր Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցն ինչ զարգացումներ ունեցած է, որ երկիրները ճանչցած են եւ այլն,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամական միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեան եւ աւելցուց,- նպատակասլաց աշխատանքի շնորհիւ կրցանք ստանալ մեր փորթուկալացի պատգամաւոր-ընկերներու աջակցութիւնը: Մարդիկ, որոնք շահագրգռուած էին, որպէսզի այս հարցը Փորթուկալի մէջ եւս արծարծուի եւ ներկայացուի Ցեղասպանութեան իրական պատկերը: Շնորհակալ ենք բոլորին, քանի որ անոնց շնորհիւ տեղի ունեցաւ այս պատմական իրադարձութիւնը եւ Փորթուկալի Ազգային ժողովին մէջ առաջին անգամ ներկայացուեցաւ այս թեման: Աջակցութեան համար կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել նաեւ միութեան անդամներուն եւ Հայաստան բնակող իմ ընկերներուս»:
Փորթուկալի խորհրդարանի օրակարգին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը ներկայացուեցաւ պատգամաւոր Ռուբինա Պերարտոյի նախաձեռնութեամբ, որուն միացած էին եւս 17 պատգամաւոր երեք հիմնական քաղաքական կուսակցութիւններէ:
Փորթուկալ-Հայաստան բարեկամական միութեան անմիջական ջանքերով Ռուբինա Պերարտոն 2017 թուականին այցելած է Հայաստան, եղած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ եւ ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Մեկնած է նաեւ Արցախ եւ տեղուոյն վրայ ծանօթացած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին: Փորթուկալ վերադառնալէ յետոյ Ատրպէյճանը զինք իր «սեւ ցուցակ»-ին մէջ ներառած է: Սակայն այս ամէնը չէ խանգարած, որպէսզի պատգամաւորը բարձրաձայնէ այն ամէնուն մասին, որուն հետ առերեսուած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Իր շրջագայութեան մասին Ռուբինա Պերարտոն պարզաբանումներ տուած է փորթուկալական ԶԼՄ-ներուն, յօդուած գրած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Ապրիլ 26-ին Փորթուկալի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած «Կարեկցանք յայտնելու քուէարկութիւն (N.Է 819/XIII)` ի յիշատակ 1915 թ. Հայոց ցեղասպնութեան զոհերուն» փաստաթուղթին մէջ 4 անգամ օգտագործուած է Ցեղասպանութիւն բառը: Ի վերջոյ ի՞նչ է ասիկա, ճանաչում, թէ՞ … «Եթէ մէկ փաստաթուղթի տակ, ուր քանի մը անգամ կը նշուի ցեղասպանութիւն բառը, կը ստորագրէ պատգամաւորներու բացարձակ մեծամասնութիւնը, ապա մենք կրնանք հաստատել, որ պատգամաւորները արձանագրած են Ցեղասպանութեան հաստատման փաստը` կարեցանք յայտնելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն: Այս փաստաթուղթը հայ ժողովուրդին համար շատ կարեւոր յաղթանակ է` Հայոց ցեղասպանութեան հարցի միջազգային ճանաչման ճանապարհին: Յատկապէս երկրի մը մէջ, ուր երբեք նման մակարդակով չէ խօսուած Ցեղասպանութեան մասին»,- նշեց Վահէ Մխիթարեան:
Փորթուկալի խորհրդարանին մէջ կայացած քուէարկութեան անդրադարձած է երկրի ամենաազդեցիկ լրատուական թերթերէն մէկը` Diario de Notվcias-ն, յօդուածը վերնագրելով. «Ազգային ժողովը պաշտօնապէս կարեկցանքի քուէարկութիւն յայտնած է 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն»:
Յաջորդ օրը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ Փորթուկալի պատգամաւոր Ժոզէ Ինասիօ Ֆարիան իր ֆէյսպուքեան պաշտօնական էջին վրայ գրառում մը կատարած է եւ ողջունած իր երկրի խորհրդարանի քայլը` աւելցնելով, որ Փորթուկալը պէտք է հետեւի Ֆրանսայի օրինակին եւ ապրիլ 24-ը յայտարարէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր:
Փորթուկալի Ասամպլէայի դիրքորոշման արձագանքած է նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Հայաստանն արժեւորում է Փորթուկալիայի Ասամպլէայի (խորհրդարանի) կողմից Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ արտայայտուած դիրքորոշումը եւ երախտապարտ է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերին հասցէագրուող ցաւակցութիւնների համար:
Համաձայն ենք, որ յիշողութիւնը ժողովուրդների հաշտեցման եւ մարդկութեան հիմնարար արժէքների պաշտպանութեան կարեւոր տարրն է»,-ըսուած է ՀՀ ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Լուսինէ Աբրահամեան
Յ.Գ. Կից կը ներկայացնենք Փորթուկալի խորհրդարանի յայտարարութիւնը փորթուկալերէն եւ հայերէն: