Մահացած Է Հայ Դատի Պաշտպան, Սպանացի Լրագրող Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան
Մարտ 31-ին, 81 տարեկան հասակին երկարատեւ հիւանդութենէն ետք կեանքէն հեռացած է սպանացի ճանչցուած լրագրող, մտաւորական, Հայ դատի պաշտպան ու հայ ժողովուրդի բարեկամ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, 1980 թուականին յայտնի սպանացի լրագրող, մտաւորական, հումանիստ Խոսէ Անթոնիօ Կուռիարան գացած էր Մատրիտի Կրան Վիա պողոտայի վրայ գտնուող «Պոմպէա» թատրոնին մէջ Վուտի Ալէնի նոր ֆիլմը դիտելու: Մինչ կը սպասէր տիկնոջ, իր կանգնած տեղէն ոչ հեռու ռումբ կը պայթի: Կուռիարան` այն ժամանակ «Փուեպլօ» թերթի փոխտնօրէնը, անմիջապէս խմբագրութիւն կը զանգահարէ, որպէսզի այնտեղէն թղթակից ուղարկեն պատահարը լուսաբանելու: Բայց հէնց նոյն պահուն, երբ ան կը խօսէր տակաւին, մէկ այլ ռումբ ալ հեռախօսի այն խցիկին մէջ պայթեցաւ, ուրկէ ան կապուած էր իր գործընկերներուն հետ:
Շատ մեծ դժուարութիւններու գնով բժիշկները կը յաջողին փրկել մարդուն կեանքը, բայց ատկէ յետոյ ան ցմահ հաշմանդամ դարձաւ: Առաջին հարցը, որ կը յուզէր հրաշքով փրկուածին, այն էր, բնականաբար, թէ ովքե՞ր էին այդ գործողութեան հեղինակները եւ ի՞նչ յստակ պահանջներ ունէին անկէ: «Խումբ մը երիտասարդներ` ԱՍԱԼԱ-էն»,- կը պատասխանեն ապաքինուողին:
Ին՞չ է ԱՍԱԼԱ-ն, ի՞նչ է Հայաստանը` գաղափար իսկ չունէր: Գիտէր միայն, որ նոյն անուանունով հանրապետութիւն մը կայ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ: Սկսաւ աշխուժօրէն հետաքրքրուիլ դէպքով, հայերու կոտորածներու հարցով, Հայաստանի պատմութեան էջերով եւ խնդրեց հանդիպում ոչ թէ կատարողներուն, այլ ԱՍԱԼԱ-ի պատասխանատուներուն հետ:
Որոնումներուն այդ ընթացքին կապ կը հաստատէ ֆրանսահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Պատրիկ Տեւէճեանի հետ, որ յիշեալ օրերուն նաեւ լայն ճանաչում վայելող իրաւաբան էր, եւ շնորհիւ վերջինիս միջնորդութեան` հանդիպում կը կազմակերպուի Պէյրութի մէջ` Մոնթէ Մելքոնեանի եւ Ալէք Ենիգոմշեանի հետ: Ժամանակ մը անց լոյս տեսաւ Կուռիարանի «La bomba» («Ռումբը») գիրքը: Թուրքերը, որոնք կը սպասէին նորաթուխ հայատեացի դիրքերէն հանդէս եկող հրապարակախօսի, հիասթափուած էին` գիրքի էջերուն վրայ հեղինակն առաջին անգամ սպանական իրականութեան մէջ բարձրաձայնեց Հայոց ցեղասպանութեան փաստը, բացայայտօրէն հանդէս գալով հայասէրի մը դիրքերէ եւ իր ընթերցողին համառօտ կերպով ծանօթացնելով հայ ժողովուրդի անցած պատմական ուղիին մասին:
Իրեն հետ պատահածին ու Հայոց ցեղասպանութեան մասին Կուռիարան 2 գիրք գրած է` « La bomba» (Ռումբը) եւ «Հայերը. Մոռացուած ցեղասպանութիւն»: Վերջին գիրքին հիման վրայ ֆրանսահայ բեմադրիչ Ռոպերթ Կետիկեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով 2015 թուականին նկարահանած է «Խենթի մը պատմութիւնը» ֆիլմը, որ ցուցադրուած է Քաննի ֆիլմի փառատօնին: Ֆիլմին մէջ բեմադրիչը անդրադարձած է «Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի» (ASALA) գործունէութեան:
Այս ֆիլմով մեկնարկած է «Ոսկէ ծիրան» 12-րդ ֆիլմի փառատօնը: