Սպանիոյ Պենալմատենա Քաղաքը Ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Օգոստոս 12-ին Պենալմատենայի քաղաքապետարանը պաշտօնապէս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` դառնալով Սպանիոյ թագաւորութեան 21-րդ քաղաքը, որ կը ճանչնայ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Վալենսիոյ «Արարատ» հայկական միութենէն:
«Արարատ» հայկական միութեան միջնորդագիրը ներկայացուցած է Մալակայի մէջ միութեան ներկայացուցիչ Ժաննա Պաղտասարեանը:
Շնորհակալութիւն մեր հայրենակիցին աշխոյժ գործունէութեան համար եւ Պենալմատենայի քաղաքապետարանին` որպէս արդարութեան ջատագովի:
Քաղաքային խորհուրդը ներկայացնող բոլոր 6 կուսակցութիւնները` իշխող Սոցիալիստական կուսակցութիւնը, Ժողովրդական կուսակցութիւնը, Ձախ Միութիւնը, Ալտեռնաթիւա փոռ Պենալմատենա, Քոսթա տել Սօլ-Սի Փուեթա եւ Վէսինոս փոռ Պենալմատենա, կողմ քուէարկած են բանաձեւին` դատապարտելով 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը իրագործողներուն եւ յորդորած Թուրքիոյ ճանչնալու զայն: