Երեւանի ՄԷջ Կայացած Է Հոլանտայի «Slavuj» Երգչախումբի Եւ «Zwarte zee» Քառեակի Համերգը
Ապրիլ 28-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ ՀՀ սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու աջակցութեամբ կայացաւ Հոլանտայի մէջ «Slavuj» երգչախումբի (խմբավար` Իւոյ Պուսվայկ) եւ «Zwarte zee» քառեակի բարեգործական համերգը` նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին, որուն մեկնարկը տրուած էր Հոլանտայի մէջ: Երեկոյի կազմակերպիչը քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեանն էր:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը, ձեռնարկին ներկայ եղած են ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Դաւիթ Սարգսեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, արուեստագէտներ եւ այլք:
Երեկոյի ընթացքին հոլանտացի երաժիշտներու կատարմամբ հնչած են հայ երգահաններու (Կոմիտաս, Խաչատուր Աւետիսեան, Վլադիլեն Բալեան եւ այլք) ստեղծագործութիւններ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան ողջունելով համերգային ծրագիրի մասնակիցները` շնորհակալութիւն յայտնած է համերգի նախաձեռնող, Հոլանտա բնակող քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեանին եւ հոլանտացի երաժիշտներուն, որոնք իրենց երաժշտացանկին մէջ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններ ներառելով` կը նպաստեն օտար երկիրներու մէջ հայ մշակոյթի զարգացման ու տարածման: «Կոմիտասի ձգած հարուստ ժառանգութիւնը նոր էջ բացած է հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ` աշխարհին ներկայացնելով հայկական հարուստ ու իւրօրինակ մշակոյթի աւանդոյթներն ազգայինի եւ համամարդկայինի զուգահեռականներուն մէջ: Կը կարծեմ` այսօրուան համերգը ատոր վառ ապացոյցն էր»,-աւելցուցած է Սփիւռքի փոխնախարարը:
Խումբերն առաջին անգամ կ՛այցելեն Հայաստան: Երեւանեան ձեռնարկին պիտի յաջորդեն նաեւ համերգներ Հայաստանի մարզերուն մէջ. ապրիլ 30-ին` Գորիս համայնքի Քարահունջ բնակավայրի մշակոյթի տան դահլիճին մէջ, իսկ մայիս 3-ին` Էջմիածին քաղաքի «Հայ միասնութեան խաչ» կազմակերպութեան Մաչանենց տան թատերական դահլիճին մէջ:
«Slavuj»երգչախումբը հիմնադրուած է 1987 թուականին եւ կը ներկայացնէ սլաւոնական երկիրներու երաժշտութիւն: Արդէն երկու տարի է` երգչախումբին հետ կը համագործակցի Հոլանտա բնակող քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեան: Համատեղ ջանքերով երգչախումբը հայերէն լեզուով նախաձեռնած է մեծ համերգային ծրագիր մը, որմով հանդէս եկած է Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ:
«Zwarte zee» քառեակին ընդգրկուած են երաժիշտներ` Ռուզաննա Յակոբեան (քանոն), Եան-Եափ Սպառխառնը (սաքսոֆոն, քլառնէթ, շուի), Էրիկ Վոլկռըսը (կոնտրապաս) եւ Ռոպ Տամեն (տհոլ):