Տեղի Ունեցաւ Լրագրողներու Համահայկական Համաժողովները Համակարգող Մարմնի Ընդլայնուած Նիստը

Սեպտեմբեր 23-ին տեղի ունեցաւ Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի ընդլայնուած նիստը, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ  Յակոբեան:

Նիստը վարեց Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր, Լրագրողներու համահայկական համաժողովները համակարգող մարմնի նախագահ Շահան Գանտահարեան:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհաւորեց նիստին մասնակից բոլոր խմբագրապետերն ու լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները` Հայաստանի անկախութեան 25-ամեայ տարեդարձին առթիւ: «Բոլորս ոգեշնչուեցինք 25-ամեակի առթիւ կազմակերպուած զօրահանդէսով եւ հպարտութեան աննկարագրելի զգացումով հետեւեցինք հայոց բանակի եւ հայկական զինուժի նման փառահեղ ցուցադրումներին, – նշեց Հ.Յակոբեան` աւելցնելով, – անկախ Հայաստանի կերտման եւ զարգացման գործում իր մեծ ներդրումը բերեց հայկական Սփիւռքը` դառնալով յաւերժ ներկայութիւն Հայրենիքում»:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը շնորհաւորեց նաեւ հեռակապով նիստին միացած Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը` թերթի 85-ամեակին առթիւ եւ յոբելեանական ձեռնարկները յաւուր պատշաճի կազմակերպելու համար:

Անդրադառնալով Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի կազմակերպման աշխատանքներուն` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց մասնակից լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հաւասարապէս արտայայտուելու հնարաւորութեան ընձեռումը: «Վստահ եմ, որ մեր ընդունած յագեցած օրակարգի քննարկման շրջանակներում կը հնչեն բազմազան կարծիքներ եւ առաջարկութիւններ: Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք` 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներին եւ յետագայ անելիքներին վերաբերող բոլոր հարցերը կը լսուեն, կը մէկտեղուեն եւ կ’ուղենշուեն առաջիկայ ծրագրերը», – ընդգծեց ան:

Օրակարգին մէջ էին ս.թ. Հոկտեմբեր 20-24 Հայաստանի եւ Արցախի մէջ կայանալիք Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի ծրագիրի նախագիծի քննարկման, ըստ թեմատիկ ուղղութիւններուն` նիստերու բաշխման, Ստեփանակերտէն հեռակապով մասնակցութեան եւ  Արցախէն ուղիղ հեռարձակումներու հնարաւորութեան վերաբերող  հարցեր:

Նիստին մասնակցեցան Հայաստանի Լրագրողներու միութեան նախագահ Աստղիկ Գէորգեան, Լրատուամիջոցներու համահայկական ընկերակցութեան նախագահ Տիգրան Յարութիւնեան, ԵՊՀ Լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան, «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, ԱՄԷ-ի «Այգ» ռատիոյի գլխաւոր խմբագիր Շաքէ Մանկասարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ:

Հեռակապով նիստին մասնակցեցան Ռուսաստանէն «Նոեւ Քովչեկ» մետիայի տնօրէն Գրիգոր Անիսոնեան, Իրանի «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան, Լիբանանի «Խօսնակ» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Համբիկ Մարտիրոսեան, Չեխիոյ «Օրեր» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեւակ Յակոբեան, Գանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան եւ Արցախի Լրագրողներու միութեան նախագահ Գիմ Գաբրիէլեան, որոնց ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց նիստին միանալու համար:

Քննարկուեցան տեղեկատուական միացեալ համակարգի ստեղծման նախադրեալներու եւ համապատասխան միջոցներու, Հայաստանի դիւանագիտական-սփիւռքի հասարակական կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ուղիներուն, ՀՀ պետականաշինութեան աշխատանքներուն մէջ Սփիւռքի ներգրաւման միջոցներուն, Հայոց պետականութեան ամրապնդման նպատակով համահայկական ներուժի հաւաքագրման եւ ուղղորդման, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն մէջ Սփիւռքի զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք` 25-ամեայ գործակցութեան հանրագումարներուն եւ յետագայ ընելիքներուն վերաբերող հարցերը համաժողովին մէջ ներկայացնելու ձեւաչափերը:

1 (1)2 3 (1) 4

Scroll Up