Լոս Անճելըսի Կառավարիչներու Խորհուրդն Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ոգեկոչող Հռչակագիր

Ապրիլ 23-ին, Լոս Անճելըսի մարզի կառավարիչ Ճենիս Հանի (Janice Hahn) գլխաւորութեամբ Լոս Անճելըսի կառավարիչներու խորհուրդն ընդունեց Հայոց ցեղասպանութիւնը ոգեկոչող հռչակագիր, որուն մէջ խորհուրդի անդամները կը դատապարտեն 1915-1923. Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1,5 մլն հայերու ցեղասպանութիւնը: Փաստաթուղթին համաձայն, ապրիլ 24-ը հռչակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Նախապէս, Լոս Անճէլըսի մարզի կառավարիչներու խորհուրդը, Հայոց ցեղասպանութեան փաստէն ելլելով, ապրիլ ամիսը հռչակած էր Պատմութեան ամիս: «Իբրեւ Լոս Անճելըսի մարզի կառավարիչներու խորհուրդ, ապրիլ 24-ը կը հռչակենք Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր` վառ պահելու 1.5 մլն զոհերու յիշատակն ու ընդգծելու նման դաժանութիւններու կրկնութիւնն ապագային կանխելու կարեւորութիւնը», գրուած է հռչակագիրին մէջ: Փաստաթուղթը ստորագրած են Լոս Անճելըսի մարզի կառավարիչներու խորհուրդի բոլոր հինգ անդամները:

Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի կառավարիչներու խորհուրդի նախագահին եւ անդամներուն: «Լոս Անճելըսի մէջ կայ մեծ հայկական համայնք, որոնց մէջ զգալի թիւ կը կազմեն Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները, որոնք ոչ միայն ապաստան  գտած են Քալիֆորնիոյ մէջ, այլեւ իրենց գործունէութեամբ մեծ նպաստ են նահանգի զարգացման», ըսաւ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսը:

Scroll Up