Հայոց Ցեղասպանութեան Խնդրի Բարձրաձայնման Հարցով Վճռորոշ Դեր Խաղցած Է Հայկական Սփիւռքը

Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանը օրերս հիւրընկալած էր Հոլոքոստի ու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում: Բանախօսները եւ մասնակիցները անդրադարձած են այս ողբերգութիւններու նմանութիւններուն եւ տարբերութեան:
Որքանո՞վ տարբեր են կամ նման իրենց բնոյթով հրեաներու Հոլոքոստը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս հարցի շուրջ օրերս քննարկում տեղի ունեցած էր Ուաշինկթընի Ամերիկեան համալսարանին մէջ ցեղասպանագէտ, փրոֆէսոր Միրճանա Միորոսինիի մասնակցութեամբ: Վերջինս լաւատես չէ մարդկութեան դէմ այս յանցագործութեան ի սպառ վերացման հնարաւորութեան կապակցութեամբ:
«Ցաւօք, ցեղասպանութիւնները կը շարունակեն կրկնուիլ: Ամէն անգամ մենք կ՛ըսենք «Երբե`ք այլեւս», սակայն ականատես կ՛ըլլանք նոր ցեղասպանութեան»,- կ՛ըսէ փրոֆէսոր Մորոսին:
Ձեռնարկին Ամերիկայի հայ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչներ Ալպերթ Ազնաւուրն ու Ջերարդ Խաչատրեան անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի որոշ նմանութիւններուն: Երկու յանցագործութիւններն ալ տեղի ունեցած են պատերազմի օրերուն, իսկ, ըստ Ալպերթ Ազնաւուրի, երկու սպանդներն ալ իրականացուած են իրենց բնոյթով յեղափոխական կարգերու կողմէ:
«Եւ հրեաները եւ հայերը դիտարկուած են որպէս պետութեան թշնամիներ»,-«Ամերիկայի ձայն»-ի փոխանցմամբ, կը նշէ Ազնաւուր:
Երկու պարագաներուն ալ ցեղասպանութիւն իրականացնողները օգտագործած են յատուկ ստորաբաժանումներ, որոնք իրականացուցած են զանգուածային բռնութիւններ:
«Օսմանեան կայսրութիւնը ստեղծած էր յատուկ ջոկատներ, որոնք հետեւած եւ բացայայտած են ցեղասպանութենէն փրկուած հայերուն, որոնց ահաբեկած կամ սպաննած են: Նոյնը տեղի ունեցած է Գերմանիոյ պարագային: Նացիստները ատոր համար կ՛օգտագործէին SS ստորաբաժանումները»,- կ՛ըսէ Ազնաւուր:
Բանախօսներն անդրադարձան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի միջեւ առկայ տարբերութիւններուն, որոնք արձանագրուած են ինչպէս իրականացման ժամանակ, այնպէս ալ յետագայ զարգացումներու ընթացքին: Օրինակ, ըստ բանախօսներու, եթէ նացիստները որոշումները կը կայացնէին ելլելով մարդու մօտ հրէական ծագման տոկոսէն, ապա Օսմանեան կայսրութեան պարագային շատ հայեր ողջ մնացած են` ընդունելով իսլամը:
Տարբերութիւններու զգալի մասը սակայն կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հոլոքոստի ճանաչման յետագայ ընթացքին հետ: Բանախօսներն ընդգծած են, որ եթէ Հոլոքոստի պարագային եղած է միջազգային դատական գործընթաց Նիւրնպերկի մէջ, ապա Հայոց ցեղասպանութիւնն այդպէս ալ չէ ստացած համապատասխան դատապարտում ինչպէս Թուրքիոյ, այնպէս ալ միջազգային հանրութեան մեծ մասին կողմէն:
Փրոֆէսոր Մորոսինիի կարծիքով Հայոց ցեղասպանութեան խնդրի բարձրաձայնման հարցով վճռորոշ դեր խաղցած է Հայկական սփիւռքը, քանի որ Հայաստան որպէս պետութիւն աւելի կաշկանդուած է քաղաքական եւ աշխարհաքաղաքական իրականութեամբ:
Ան կը գտնէ, որ այսօր ցեղասպանութիւններու կանխման գործող միջազգային մեքենականութիւնները բաւարար չեն այս յանցանքը բացառելու համար: Ան կ՛առաջարկէ աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնել պատմութեան դասերուն:
«Եթէ մենք աւելի մեծ տեղ յատկացնենք պատմութեան եւ փորձենք պատմութեան դասերը հասցնել քաղաքական գործիչներուն, ապա թերեւս ատիկա կ’առաջացնէ աւելի մեծ ցանկութիւն` ցեղասպանութիւնները կանխելու եւ ճիշդ որոշումներ կայացնելու հարցով, որոնք կը բխին ոչ միայն քաղաքական իրողութիւններէն»,- կը նշէ ցեղասպանագէտը:
Ան կը գտնէ, որ քաղաքական շահերը կը ստիպեն պետութիւններուն գործել հակառակ եղած փաստերու: Այսօր, ըստ ցեղասպանագէտի, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը տեղի կ՛ունենայ ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի եւ այլ պետութիւններու թոյլտուութեամբ, որոնք Թուրքիոյ հետ կապուած են աշխարհաքաղաքական տարբեր շահերով: