Գերմանիոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան Բացուած է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2017/11/a-3.jpg)
Գերմանիոյ Քէոլն քաղաքին մէջ` քաղաքապետարանին պատկանող գերեզմանատան մէջ, բացուած է հայ համայնքի կողմէ կառուցուած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, կը հաղորդէ “Ակոնք”-ը՝ վկայակոչելով avrupa postasi.com-ին:
Քէոլնի քաղաքապետարանի խորհուրդի գլխաւոր յանձնաժողովին կողմէ ընդունուած որոշումին համաձայն` յուշարձանը տեղադրուած է Lehmbacher Weg գերեզմանոցին մէջ:
Brück Lehmbacher Weg-ի մէջ- գտնուող եւ քաղաքապետարանին պատկանող գերեզմանոցին մէջ բացուած է 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը: Բացումը տեղի է ունեցել գերեզմանոցին մէջ կատարուած կրօնական ծիսակատարութեամբ, որու ընթացքին սեւ խաչքարի վրայէն հանուած է ծածկոցը:
Ընդհանուր առմամբ 5 հազար հայ բնակիչ ունեցող Քէոլնի մէջ հայ-քրիստոնեայ համայնքի ներկայացուցիչները դիմած էին Կանաչ տարածք յանձնաժողովին, որմէ ետք օրակարգ եկած է Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի տեղադրման հարցը․ աւելի ուշ անիկա դրուած է Պողոքներու յանձնաժողովի քննարկման: 2015-ի Մարտին գլխաւոր յանձնաժողովը ընդունած է դիմումը: Այսպիսով, թոյլ տրուած է քաղաքապետարանին պատկանող գերեզմանոցին մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձան կանգնեցնել:
Քէոլնի թուրքերու համերաշխութեան ու նախաձեռնութեան հարթակի խօսնակ Լեւենթ Թաշքըրան աձականգած է իսլամներուն պատկանող շրջանին մէջ գտնուող Lehmbacher Weg գերեզմանատանը Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանի կանգնեցման: