Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Համաժողով Նիւ Տելհիի ՄԷջ

Ապրիլ 24-ին Հնդկաստանի յառաջատար Ճաւահառլալ Ներուի անուան համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով համաժողով, որ կը կրէր «Յիշողութեան քաղաքականութիւնը Հայաստանի մէջ» խորագիրը: Այս մասին կը  հաղորդեն ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութենէն:

Համաժողովին կը մասնակցէին Ներուի անուան համալսարանի փրոֆէսորադասախօսական կազմի եւ ուսանողութեան, Տելհիի մտաւորականութեան, տեղի հայ համայնքի, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան ներկայացուցիչներ:

Համաժողովը բացաւ եւ Հայոց ցեղասպանութեան թեմայով ելոյթ ունեցաւ համալսարանի ղեկավար պարոն Չինթամանի Մահապատրան: Այնուհետեւ ելոյթով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Արմէն Մարտիրոսեան: Վերջինս ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հիմնահարցի պատմական եւ աշխարհաքաղաքական տեսանկիւններէն, ինչպէս նաեւ` ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման Հայաստանի մօտեցումները:

Ելոյթներ ունեցան նաեւ Ներուի անուան համալսարանի Ռուսաստանի եւ Կեդրոնական Ասիոյ հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար փրոֆէսոր Փուլ Պատանը, փրոֆէսոր Ամիթապ Սինգհը, որ վերջերս այցելած էր Հայաստան եւ դասախօսութեամբ հանդէս եկած Երեւանի պետական համալսարանին եւ Հայաստանի դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ, գրող-հրապարակախօս Սուման Քեշարին, Հայկական մշակութային կեդրոնի ղեկավար Գայեանէ Մովսիսեան, «BBC – Հնդկաստան» լրատուամիջոցի լրագրող Սատիշ Ջակոբը, ճանչցուած «Hans» հինտի գրական ամսագիրի խմբագիր Սանջայ Սահայը եւ այլոք:

Ձեռնարկին աւարտին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` նուիրուած Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին:

Scroll Up