Մարդը Ընդունակ է Վատագոյնին, Երբ կը Մոռնայ, թէ Ինչը Զինք կը Կապէ Հարեւանի Հետ. Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին առիթով գրառում կատարած է Twitter-ի իր էջին վրայ. «Ապրիլ 24-ին մենք պաշտօնապէս կ՝ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որպէսզի յիշենք, որ մարդը ընդունակ է վատագոյնին, երբ կը մոռնայ, թէ ինչը զինք կը կապէ իր հարեւանի հետ, եւ որպէսզի հետեւողական ըլլանք, որ պատմութիւնը չկրկնէ անոր սխալները»:

Scroll Up