Անկելա Մերքել Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Մերքելին կ՛ուղեկցէին Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէյեանը եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը:
Գերմանիոյ վարչապետը ծաղիկներ խոնարհեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մօտ:
Ան նաեւ Ծիծեռնակաբերդի ծառուղիին մէջ խորհրդանշական եղեւնի տնկեց:
2005-ի Յունիս 15-ին Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ որոշում ընդունած է: 2015-ի Ապրիլ 23-ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Գերմանիոյ նախագահ Եոախիմ Կաուք, իսկ 2016-ի Յունիս 2-ին Գերմանիոյ Պունտեսթակը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւը: