Ուքրանիոյ Հայկական Եկեղեցիներուն Մէջ Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Աղօթք Պիտի Հնչէ
Ուքրանիոյ տարբեր քաղաքներու հայկական համայնքներուն կողմէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցին ծիրէն ներս՝ ծրագրուած են եւ պիտի իրականացուին յիշատակի բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ըստ «Հայերն այսօր»-ի՝ այս մասին կը յայտնէ AnalitikaUA-ը:
Ապրիլ 23-ին, Լուցկ քաղաքին մէջ արդէն տեղի ունեցած է խաչքարի բացման արարողութիւն: Յուշաքարի բացման արարողութեան մասնակցած են տեղի ղեկավարութիւնը, Ուքրանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Խաչքարի բացման արարողութիւնը գլխաւորած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ թեմի առաջնորդ Տէր Մարկոս եպիսկոպոս Յովհաննիսեան:
Ապրիլ 23-ի եւ 24-ի ձեռնարկներու ծիրէն ներս ներառուած են կլոր սեղաններ, ցուցահանդէսներ, յիշատակի երեկոներ, ֆլեշմոպեր, ծառատունկեր, 1915թ. դէպքերուն նուիրուած վաւերագրական եւ այլ ֆիլմերու դիտումներ եւ շարք մը այլ ձեռնարկներ:
Ապրիլ 24-ին, Ուքրանիոյ բոլոր հայկական եկեղեցիներուն մէջ աղօթք պիտի հնչէ Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն համար: