ԱՄՆ Նախագահի Խորհրդական Ռուտոլֆ Ճուլիանին Ծիծեռնակաբերդ Այցելած Է

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփի խորհրդական, Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Ռուտոլֆ Ճուլիանին Երեւանի մէջ է: Ան այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Ճուլիանին այցելած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ եւ ծառ տնկած է ի յիշատակ ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն:

Ճուլիանին Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Եւրասիական գործընկերութեան 3-րդ միջազգային համաժողովին:

Ճուլիանին Թրամփի աջակիցը, ընկերն ու խորհրդականն է: Ան նաեւ Թրամփի անձնական իրաւաբանը: 2001թ. սեպտեմբեր 11-ի ահաբեկչական յարձակման ժամանակ ինք  եղած է Նիւ Եորքի քաղաքապետը:

Նախօրօք  յայտնի դարձաւ, որ ԱՄՆ նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթոնը եւս կ’այցելէ Հայաստան: Այցի նպատակն է առաջ մղել «ԱՄՆ» շահերն անվտանգութեան ոլորտին մէջ»: Այցը կ´ըլլայ տարածաշրջանային, ան կ´ըլլայ նաեւ Ռուսաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան:

 

Scroll Up