«Կազեթէքարընճա» Կայքը Ներկայացուց 1915էն Ետք Չիլի Գաղթած Հայ Ընտանիքի Մը Պատմութիւնը

Ասպարէզ- «Կազեթէքարընճա» կայքը ներկայացուց 1915էն ետք Չիլի գաղթած առաջին հայ ընտանիքներէն մէկուն՝ Պալոյեաններու պատմութիւնը։

«Օրորա» մրցանակի կայքի «100 Կեանք» նախագիծի ծիրին մէջ Պալոյեաններու հետ կատարուած հարցազրոյցը թրքական կայքին կողմէ թարգմանուած ու ներկայացուած է ամբողջութեամբ՝ օգտագործելով Ցեղասպանութիւն բառը, առանց չակերտներու։

Տիէկօ Պալոյեանի մեծ հայրը՝ Անդրանիկ Պալոյեան ծնած է պատմական Խարբերդի մէջ, ուր անոր ընտանիքը խաղողի հսկայ դաշտեր ունէր։

0000BALOYAN1

Նաչօ եւ Տիէկօ Պալոյեաններ

Ցեղասպանութեան օրերուն Անդրանիկ փրկուած էր, երբ թուրք պաշտօնեայ մը զայն գնած է որպէս ստրուկ ու անոր տուած է Ալի անունը։

Աւելի ուշ, Անդրանիկը իր եղբայրներուն հետ կրցած է փախուստի դիմել՝ Տէր Զօրի անապատէն հասնելով մինչեւ Հալէպ, ապա Պալոյեաններու ընտանիքը հասած է հեռաւոր Չիլի։ Անոնք Ցեղասպանութենէն ետք Չիլի հասած առաջին հայ ընտանիքներէն են։

Երեք եղբայրներ այստեղ նոր կեանք մը սկսած են՝ զբաղելով հագուստի արտադրութեամբ։ Անոնք սկզբնական շրջանին հագուստի առեւտուր ըրած են, իսկ աւելի ուշ կրցած են հագուստ կարող մեքենայի գումար հաւաքել եւ տարիներ ետք դառնալ լաւ գործարարներ։

Տիէկօ Պալոյեան, յիշելով իր մեծհօր պատմութիւնն ու այն սարսափները, զորս ան տեսած էր գաղթի ճամբու վրայ՝ կը կարծէ, որ այլեւս հասած է պատմութեան մէջ նոր էջ մը բանալու ժամանակը։ «Ես կը հաւատամ որ եկած է նոր էջ բանալու ժամանակը։ Մեծ հայրս ու անոր հայրը ստիպողաբար տարբեր կեանք մը ապրած են։ Այդ բոլորը վստահաբար հետք թողած են բոլորիս վրայ։ Սակայն մենք յոյս ունինք հաշտուիլ ու փրկուիլ ատելութենէն», կը նշէ Տիէկօ Պալոյեան, որուն հայրը հայ է, իսկ մայրը՝ պասք։

0000BALOYAN2

Աջին՝ ամէնէն ծայրը՝ Անդրանիկ Պալոյեան

Scroll Up