Հայոց Ցեղասպանութեան 104-րդ Տարելիցին Առթիւ Աշակերտական Համահաւաք-Ծաղկեմատոյց Նոր Ջուղայի ՄԷջ

Ապրիլ 22-ին, ժամը` 11:00-ին, Նոր Ջուղայի Հայոց ազգային կրթահամալիրի մանկապարտէզ-նախակրթարանի «Արմէն» տարրական երկսեռ համալիրի եւ Շահինշահր քաղաքի Հայոց ազգային Սրբոց «Վարդանանց» դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիները, իսկ ժամը` 12:30-ին Նոր Ջուղաի Հայոց ազգային կրթահամալիրի «Քանանեան» իգական եւ «Կատարինեան» արական աւագ դպրոցներու աշակերտները, նշուած դպրոցներու տեսչութիւններու, ուսուցչական կազմերու եւ ծնողական խորհուրդներու  ուղեկցութեամբ, ներկայ գտնուեցան Ս. Ամենափրկիչ վանքի բակին մէջ  խոյացած Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ եւ աշակերտական ելոյթներով ու ծաղիկներ խոնարհելով յուշարձանին` յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան  հետեւանքով  զոհուած 1,5 միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին Նոր Ջուղայէն կը յայտնէ Երանուշ Թահմազեան, համահաւաքներուն առիթով Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ տէր Սիփան  եպիսկոպոս Քէչէճեան հայրական իր պատգամը յղեց  դպրոցականներուն:

Ձեռնարկին ներկայ էին նաեւ Ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Լուսանկարները` հեղինակին

 

Scroll Up