Սփիւռքի Հայութեան Պայծառակերպութեան լեռը՝ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքը՝ համախմբումի կեդրոն

Անցնող քանի մը օրերուն, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանին առջեւ, բազմահարիւր հայ ուխտաւորներ նորոգեցին՝ Հայաստանի համար ապրելու եւ Արցախը հայաբար ապրեցնելու, հայ ապրելու եւ հայ գործելու, Հայոց Սրբազան Դատին անվերապահօրէն զօրակցելու իրենց նուիրական ուխտը։
Սփիւռքի Հայութեան Պայծառակերպութեան լեռը՝ Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին վանքը, Ապրիլ 2016-ին, մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար համախմբումի կեդրոն դարձաւ։ Հայ մանուկն ու պատանին, դպրոցականն ու համալսարանականը, երիտասարդն ու տարեցը հոյլ առ հոյլ բարձրացան հոն՝ Պիքֆայա, իրենց հետ առ Աստուած բարձրացնելով հայուն Սուրբ Պահանջքը՝ Հայոց Դատին արդար հատուցումը։
Այս ծիրէն ներս, Շաբաթ, 23 Ապրիլ 2016-ի յետ միջօրէին, Պիքֆայայի մէջ, Դպրեվանքի տեսչութեան գլխաւորութեամբ՝ Սրբոց Նահատակաց Բարեխօսական յատուկ կարգ եւ դրօշակի օրհնութիւն կատարուեցաւ։ Արարողութեան աղօթակից դարձան Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, իրենց բոլոր մասանաճիւղերով։
Նոր հարիւրամեակին՝ Պիքֆայայի մէջ նոր ուխտի մը սկիզբը դրուեցաւ, որ է. «Նոր մարտունակութեամբ պայքարիլ Հայոց Սրբազան Դատին համար»։

ԼիբԼիբանԼիբանան լիբանան3

Scroll Up