Ֆրանսահայ Աշակերտները Շրջեցան Կառավարութեան Շէնքին ՄԷջ

Ապրիլ 23-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի  ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի «Համազգային» (ք. Մարսէլ), «Դպրոցասէր տիկնանց» (Ռենսի/Փարիզ) եւ «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան» (ք. Ալֆորվիլ) հայկական ամէնօրեայ վարժարաններու  աշակերտները եւ ուսուցիչները շրջայց կատարեցին Հայաստանի հանրապետութեան  կառավարութեան շէնքին մէջ: Այս այցը շատ խորհրդանշական էր աշակերտներուն համար, անոնք  ոգեւորուածութեամբ շրջեցան կառավարական տան դահլիճներուն մէջ,հանդիպումներու  սրահները այցելեցին, ծանօթացան գործադիրի աշխատանքին, կառավարութեան նիստերու դահլիճին մէջ հարցեր ուղղեցին նախարարի պաշտօնակատար Բաբգէն Տէր Գրիգորեանին:

Դպրոցի սաներուն յատկապէս կը հետաքրքրէին յեղափոխութեան բերած  փոփոխութիւնները,  այս մէկ տարուան ընթացքին գրանցած յաջողութիւնները: Անոնցմէ մէկն անկեղծօրէն հարցուց. «Արդեօք այսօր մարդիկ նոյնքան ուրախ ե՞ն, որքան մէկ տարի առաջ յեղափոխութեան օրերուն»:  Բաբգէն Տէր Գրիգորեան յեղափոխութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումը համարեց  ժողովրդավարութեան հաստատումն  ու ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններու  իրականացումը, կաշառակերութեան դէմ դրսեւորուող զերօ անհանդուրժողականութիւնը:     Աշակերտները հետաքրքրուեցան նաեւ`  յեղափոխութիւնը նպաստած է Հայաստանի եւ միւս  երկիրներու յարաբերութիւններու լաւացման: Ըստ Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի`Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան հաստատումը խօսուն ազդակ է միջազգային հանրութեան համար, եւմեր երկիրն այլեւս վստահելի գործընկեր է մարդու իրաւունքներու, օրէնքի գերակայութեան տեսանկիւնէն:

Սփիւռքահայ պատանիներն անդրադարձան նաեւ սփիւռքի նախարարութեան վերակազմաւորման, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման յետագայ ընթացքին: Սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը նշեց, որ վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի գործէ սփիւռքի գործերու  գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը, այսպիսով` Հայաստան-սփիւռք կապերը կը դրուին աւելի բարձր մակարդակի վրայ, քանի որ նախարարութեան ձեւաչափին մէջ չէին  արդարացուիր այն ակնկալիքները, որոնք առկայ էին: Գրասենեակը պիտի ունենայ  համակարգման    լայն գործառոյթ, յանձնակատարի պաշտօնը պիտի ըլլայ եզակի պաշտօն` անով  անգամ մը եւս արձանագրելով սփիւռքի հետ  աշխատանքի  կարեւորութիւնը:   «Գրասենեակը  հիմնականին մէջ պիտի աշխատի 4 ուղղութեամբ` հայրենադարձութիւն եւ ընդելուզում,հայապահպանութիւն  եւ համայնքներուն  աջակցութիւն, համահայկական օրակարգի ձեւաւորում եւ սփիւռքի ներու ժի նպատակային  օգտագործում Հայաստանի զարգացման գործին մէջ:Հայրենադարձութիւնը  պիտի ըլլայ մեր  քաղաքականութեան հիմքին մէջ: Հայաստանը բոլոր հայերու հայրենիքը պիտի ըլլայ: Ինքս  հայրենադարձ եմ, ծնած եմ Փարիզ, մեծցած Լոս Անճելըսի մէջ, 7 տարի առաջ ալ որոշեցի  հայրենադարձուիլ, սակայն ամէն ինչ սկսած է ահա այսպիսի  այցէ մը դեռեւս 20 տարի  առաջ: Վստահ եմ` ձեր մէջ կան մարդիկ, որոնք տարիներ անց կ՛ըլլան  Հայաստանի  կառավարութեան կազմին մէջ»,-ընգծեց Բաբգէն Տէր Գրիգորեան` շեշտելով նաեւ սփիւռքի  ներուժի կարեւորութիւնը ոչ միայն ֆինանսական, այլեւ առաւելապէս մարդկային, մասնագիտական, ցանցային առումներով:

Հարցեր հնչեցին նաեւ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ տարածման վերաբերեալ:

Scroll Up