Թաւշեայ Յեղափոխութիւնն Աւտրալահայ Ընտանիքը Հայաստան Բերաւ
Հոկտեմբեր 10-ին Աւստրալիայէն իրենց երկու երեխաներու հետ Հայաստան ժամանեցին ամուսիններ Արա Աղաջանեանն եւ Մարինա Օգանէսեանը, որոնք որոշած են բնակութիւն հաստատել Երեւանի մէջ:
«Զուարթնոց» օդակայանին մէջ անոնց դիմաւորեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալ Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, նախարարութեան աշխատակիցներ եւ ընտանիքի բարեկամները:
Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, բարի գալուստ մաղթելով հայրենադարձ ընտանիքին, կարեւոր համարեց հայրենիք վերադառնալու որոշումը` յոյս յայտնելով, որ անոնց քայլը շատ սփիւռքահայերու համար օրինակ կը դառնայ: «Այս ընտանիքի հայրենադարձուիլը կը խօսի այն մասին, որ սփիւռքը հետաքրքրուած է Հայաստանով, որ սփիւռքահայերը այլեւս Հայրենիք կու գան ո՛չ թէ զբօսաշրջիկի կարգավիճակով, այլ սեփականատիրոջ իրաւունքով»,- ընդգծեց փոխնախարարը:
Արա Աղաջանեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին նշեց, որ իրենց ուրախութիւնն ու յուզմունքն աննկարագրելի են, քանի որ այս օրուան երկար սպասած են: Ըլլալով տեղեկատուական ճարտարարուեստի (ՏՏ) մասնագէտ` ան կը ցանկայ իր վերադարձով օգտակար ըլլալ Հայաստանի զարգացման, ներդրում ընել եւ աշխատատեղեր ստեղծել:
«Դեռ անցեալ տարի որոշած էինք Հայաստան հաստատուիլ, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով կը յետաձգուէր: Գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութիւնը նոր խթան հանդիսացաւ, որոշեցինք շտապել եւ մինչեւ տարեվերջ հայրենիք տեղափոխուիլ: Մեծ յոյսերով եկած ենք: ճիշդ է, կը գիտակցինք, որ դժուարութիւններու պիտի բախուինք, բայց չենք վհատիր, քանի որ գիտենք` ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»,- նշեց Արա Աղաջանեան:
Մարինա Օգաննէսեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ, որ հայրենիքի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատուելու հիմնական պատճառն իրենց երեխաներու` 10-ամեայ Արսէնի եւ 13-ամեայ Գայեանէի ապագայով մտահոգ ըլլալն է:
«Մեր երեխաները ծնած եւ մեծցած են հեռաւոր Սիտնիի մէջ, սակայն յաճախակի այցելած եւ սերտ կապ ունեցած ենք Հայրենիքի հետ: Մենք ալ ամէն կերպ հետեւած ենք անոնց ինքնութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման: Սա է պատճառը, որ կը ցանկանք, որ անոնք Հայաստանի մէջ դպրոց յաճախեն եւ իրենց ապագան այստեղ կերտեն»,-ըսաւ Մարիա Օգաննէսեան: