Երեւանի Մէջ Ելոյթ Ունեցաւ Նիւ Ճըրսիի «Նայիրի» Պարախումբը
Յուլիս 7-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախաձեռնութեամբ Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նիւ Ճըրսիի մասնաճիւղի «Նայիրի» պարախումբի մենահամերգը` միութեան 90 եւ Նիւ Ճըրսիի մասնաճիւղի հիմնադրման 50-ամեայ յոբելեաններու ծիրէն ներս:
Ձեռնարկին բացման Սփիւռքի նախարարի օգնական Վաղարշակ Յակոբեան փոխանցեց նախարար Մխիթար Հայրապետեանի ողջոյնի խօսքը, ուր մասնաւորապէս կ՛ըսուէր. «Կ՛ողջունեմ բոլորս «Համազգային» հայ կրթական մշակութային միութեան Նիւ Ճըրսի մասնաճիւղի հիմնադրման 50-ամեակին առիթով: Յիրաւի, տարիներու յարատեւ երթին, շերտ-շերտ կը դասուին Համազգայինի կերտած պատմութեան էջերը, որոնք կը զուգահեռուին մեր երկրի` Հայոց պետութեան մշակութային կեանքին հետ: Համազգայինն իր նպաստը կը բերէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու սերտացման` նոր որակներ ու երանգներ հաղորդելով ներկայիս իրագործուող ազգային մշակութային քաղաքականութեան: Համաշխարհայնացման մեր օրերուն, մշակութային կառոյցին շուրջ 40 ժրաջան անդամներ իրենց նախորդներու աւանդոյթները պահպանելով` ջանք չեն խնայեր նոր սերունդի հոգիներուն մէջ ա՛լ աւելի խորացնելու եւ սերմանելու հայկականութիւնն ու հայ ըլլալու արժանապատուութեան գիտակցումը»:
Սփիւռքի նախարարն ընդգծած էր նաեւ, որ Համազգային ընտանիքի առաքելութեան հաւատարիմ` Նիւ Ճըրսիի մասնաճիւղը մշտապէս կարեւոր համարած է մայրենիի իմացութեան սերմանումը, հայկական մշակութային կեանքի աշխուժացման խթանումը` համարելով այս գործօնները անառիկ սիւներ հայակերտման ճանապարհին:
Նիւ Ճըրսիի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 2004 թուականէն գործող «Նայիրի» պարախումբը ներկայացաւ նոր բեմադրութիւններով եւ կատարումներով: Պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարն է Գարիկ Խաչիկեան, պարուսոյցը` Հալէպի Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Սարդարապատ» պարախումբի մենակատար Պարգեւ Սանոսեան:
Համերգային ծրագիրին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ ժողովրդական երգիչներ Հայկ Եսայեան եւ Եւա Եգանեան:
Հաշուի առնելով Ամերիկայի Արեւելեան ափի Նիւ Ճըրսի մասնաճիւղի վիթխարի դերակատարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ` կառոյցի հիմնադրման կէսդարեայ յոբելեանի առիթով անոնց շնորհուեցաւ սփիւռքի նախարարութեան պատուոգիր: