Երեւանի Մէջ Տեղի Կ՛ունենայ Ուշուի Միջազգային Մրցաշար` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Ապրիլ 23-24 Երեւանի «Դինամօ» մարզադահլիճին մէջ տեղի կ՛ունենայ ուշուի միջազգային մրցաշար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութենէն, մրցաշարի բացումը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 23-ին, ժամը` 15:00-ին:

Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ կը գտնուի ՀՀ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Գաբրիէլ Ղազարեան:

Scroll Up