Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Ամերիկեան Մամուլին ՄԷջ Հրապարակուած Յօդուածները 5 Հատորեակի ՄԷջ

Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Ալէք Մանուկեան սրահին մէջ ապրիլ 9-ին տեղի ունեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան անդամ Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի եւ աւստրալահայ գիտաշխատող Արա Քեթիպեանի աշխատասիրութեամբ կազմուած «The Armenian Genocide: Prelude and Aftermath. As reported in the U.S. Press» («Հայոց ցեղասպանութիւն. նախերգանք եւ յետգրութիւն: Հաղոդումներ ամերիկեան մամուլին մէջ») բազմհատորեակի 5 հատորներու շնորհանդէսը: Ժողովածուները կազմուած են 1890-1922 թթ․ամերիկեան մամուլին մէջ հրապարակուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին յօդուածներէն: Անգլերէն հրատարակուած հինգ հատորներուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի ամերիկեան կարեւորագոյն օրաթերթերու` The New York Times, The Boston Daily Globe եւ The Christian Science Monitor, էջերուն վրայ տեղ գտած յօդուածներուն: «The New York Times»-ը կը պարունակէ 2666, «The Boston Daily Globe»-ը` 1840, իսկ «The Christian Science Monitor»-ը` 2190 յօդուած, ընդհանուր` 6696: Հատորներու ստեղծման վրայ հեղինակներն աշխատած են 12 տարի:

Ձեռնարկը կազմակերպած էր Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը` ծրագիրի գիտական ղեկավար Մերուժան Կարապետեանի գլխաւորութեամբ: Վերջինս, հատորներու ստեղծման պատմութիւնը եւ հեղինակներուն ներկայացնելէ յետոյ, խօսքը փոխանցեց ելոյթ ունեցողներուն:

Գիտական զեկոյցներով եւ ելոյթներով հանդէս եկան ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան, թրքագէտ Վահրամ Տէր Մաթեւոսեան, «Մոտուս Վիւենտի» կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեան,  Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան եւ այլք:

Սփիւռքի նախարարի տեղակալ Դաւիթ Սարգսեան շնորհաւորեց գիրքի հեղինակները, անոնց աջակիցներուն եւ հովանաւորներուն` գիտական մեծ արժէք ներկայացնող հրատարակութեան առթիւ, եւ կարեւորեց այն` որպէս Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, դատապարտման եւ հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ իրականացուած գիտական ուսումնասիրութիւն, որ ունի նաեւ պատմագիտական, քարոզչական հսկայական նշանակութիւն եւ կոչուած է ապահովելու ներկայ եւ գալիք սերունդներու տեղեկացուածութիւնը: Դաւիթ Սարգսեան արժեւորեց նաեւ բազմհատորեակն անգլերէն հրատարակելը, որ հնարաւորութիւն կու տայ նաեւ օտարազգի ընթերցողներուն ծանօթանալու ամերիկեան թերթերուն մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին հրապարակուած նիւթերուն, իսկ ուսումնասիրողներուն` օգտագործելու ատոնք որպէս սկզբնաղբիւր:

Դաւիթ Սարգսեան նշեց, որ յիշեալ հատորները շարունակութիւնը դարձան դեռեւս 2011թ. Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանի համահեղինակութեամբ եւ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ անգլերէն լոյս տեսած «Հայերն օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսին» աշխատութեան, որ կը ներառէ 1890-1914 թթ. ամերիկեան մամուլին մէջ տեղ գտած Հայոց ցեղասպանութեան մասին  արխիւային նիւթեր:

Դիմելով Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեանին եւ Արա Քեթիպեանին` սփիւռքի փոխնախարարը աւելցուց. «Հոգեշնորհ Հայր, յարգարժան պարոն Քեթիպեան, մենք տեղեկացուած ենք ձեր կողմէ հաւաքագրուած եւ ուսումնասիրուած հսկայածաւալ տեղեկագրական նիւթերուն մասին, որուն արդիւնքով կ’ունենանք 10 հատոր: Սա, յիրաւի, անգնահատելի գործ է, ազգանուէր ձեռնարկ, համբերատար աշխատանքի, անմնացորդ նուիրումի վառ արտայայտութիւն: Թոյլ տուէք ՀՀ սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող պարոն Բաբգէն Տէր Գրիգորեանի եւ աշխատակիցներու անունէն սրտանց շնորհաւորել հատորներու հրատարակման առիթով, մաղթել գիտաստեղծագործական նորանոր նուաճումներ»:

Այնուհետեւ Դաւիթ Սարգսեան Արա Քեթիպեանին յանձնեց սփիւռքի նախարարութեան եւ Մխիթարեան միաբանութեան համատեղ «Յակոբ Մեղապարտ» մետալը: Յիշեցնենք նաեւ, որ Մխիթարեան միաբանութեան 300-ամեակին առիթով Հայր Վահան ծայրագոյն վարդապետ Օհանեան պարգեւատրուած է սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով:

Յօդուածներու հաւաքագրման եւ մշակման աշխատանքները կը շարունակուին, յառաջիկային հեղինակները սեղանին կը դնեն եւս հինգ հատոր:

Ընդհանուր նախագիծը կ՛ընդգրկէ 10 հատոր, որոնց մէջ նախատեսուած է ընդգրկել ամերիկեան վեց առաջատար թերթեր` «The New York Times», «The Boston Daily Globe», «The Chicago Daily Tribune», «The Chris-tian Science Monitor», «The Los Angeles Times» եւ «The Washington Post»:

Հատորները չեն վաճառուիր, ատոնք նախատեսուած են համալսարաններու, գրադարաններու եւ մասնագիտական կեդրոններու համար: Աշխատութիւնները լաւագոյն սկզբնաղբիւր են ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար: Գիրքերը շուտով կը տրամադրուին ընթերցողներուն նաեւ ելեկտրոնային տարբերակով:

Scroll Up