Եզակի Ընտանեկան Արխիւ` Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-Հիմնարկին

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի ջանքերու շնորհիւ Հայաստան տեղափոխուեցաւ եւ թանգարանին նուիրաբերուեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը վերապրած ամերիկաբնակ հայ գերդաստանի ընտանեկան արխիւը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Հայոց ցեղասպանութիւն թանգարան-հիմնարկէն, ամերիկաբնակ Սուսան Սոլակեան Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց իր մեծ ընտանիքի մեծ պատմութիւնը` յուշագրութիւններ, փաստաթուղթեր, լուսանկարներ: Ան, ի հարկէ, վստահ է, որ իրենց ընտանեկան մասունքները յայտնուած են հոգատար ձեռքերու մէջ, իսկ նպատակը մէկն է` սերունդներուն փոխանցել ամենակարեւորը` յիշողութիւնը:

Ծնունդով Մեզրէէն (Խարբերդի նահանգ) Թոմաս եւ Էսթեր Մկրտչեաններու (Մկրտիչեաններ) ընտանեկան աւելի քան մէկդարեան պատմութիւնն` իրենց պատմական հայրենիքէն բռնագաղթուելէն մինչեւ Միացեալ Նահանգներու մէջ բնակութիւն հաստատելը, հարուստ է պատմագրական ճշգրիտ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ պարզապէս մարդկային կորուստի ծանրագոյն դրսեւորումներով:

Ընտանեկան արխիւային նիւթերը կարեւոր սկզբնաղբիւր են Խարբերդի հայերու տեղահանութեան, կոտորածներու` մասնաւորապէս գերմանացի պաշտօնեաներու` թուրքերու մեղսակիցը եւ աջակիցը ըլլալու, հայ մտաւորականութեան դաժան սպանութեան, կիրառուած բռնութեան, ինչպէս նաեւ գաղթականներու դրութեան մասին:

Նիւթերը մանրամասն կ’ուսումնասիրուին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատողներուն կողմէ եւ կը ներկայացուին հանրութեան:

Scroll Up