Հոլանտացիները Հայաստանի ՄԷջ Հանդէս Կու Գան Հայկական Կատարումներով

Քանոնահարուհի Ռուզաննա Յակոբեան աւարտած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երա-ժտանոցը: Արդէն երկար ժամանակ է` կը բնակի Հոլանտա եւ կը համագործակցի տարբեր երաժշտախումբերու հետ, հիմնած է դաշնամուրի դպրոց, որուն սաները հանդէս կու գան տարբեր համերգներով:

Արդէն երկու տարի է` Ռուզաննա Յակոբեան կը համագործակցի նաեւ Ամսթերտամի մէջ գործող «Slavuj» երգչախումբին հետ: Վերջինս ստեղծուած է 1987 թուականին եւ կը ներկայացնէ է սլաւոնական երկիրներու երաժշտութիւն: Համատեղ ջանքերով հայերէն լեզուով նախաձեռնած են մեծ համերգային ծրագիր: Քանի մը յաջող համերգներէ յետոյ որոշած են այցելել Հայաստան, յատկապէս, որ մեծ էր երգչախումբին անդամներուն ցանկութիւնը` մօտէն ծանօթանալու Հայաստանին:

Այդ նպատակով ապրիլ 28-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ, ապրիլ 30-ին` Գորիսի մէջ, իսկ մայիսի 3-ին` Էջմիածինի մէջ, «Slavuj» երգչախումբը հանդէս պիտի գայ համերգային ծրագիրով (խմբավար` Իվօ Պուսուայկ): Երգչախումբին պիտի միանայ նաեւ «Zwarte zee» քառեակը` Ռուզաննա Յակոբեան (քանոն), Եան-Եափ Սպառխառն (սաքսոֆոն, քլառնեթ, շուի), Էրիկ Վոլկռըս (քոնտրաբաս) եւ Ռոպ Տամեն (տհոլ):

Երգացանկին ընդգրկուած են հայ երգահաններու (Կոմիտաս, Խաչատուր Աւետիսեան, Վլատիլեն Բալեան եւ այլք) ստեղծագործութիւնները: «Խումբերն առաջին անգամ պիտի այցելեն Հայաստան, բայց հայկական ծրագիրով հասցուցած են հանդէս գալ տարբեր բեմահարթակներու վրայ` ներկայացնելով հայկական ժողովրդական երգեր Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ: Հայաստանեան համերգները նուիրուած են Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին: Ապրիլի վերջին Հայաստան գալը միաժամանակ լաւ առիթ է հոլանտացիներուն պատմելու եւ ծանօթացնելու Հայոց ցեղասպանութեան: Մենք նախատեսած ենք այցելել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:  Միաժամանակ նպատակ ունինք հոլանտացիներուն  աւելի մօտէն ծանօթացնել հայկական մշակոյթին: Այդ պատճառով կը ծրագրենք 3-օրեայ ճանաչողական ճամբորդութիւն դէպի Հայաստանի մարզեր, ուր նոյնպէս կ’ունենանք համերգներ»,- «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ  Ռուզաննա Յակոբեան:

Scroll Up