ՀՀ Սփիւռքի Փոխնախարարի Ուղեկցութեամբ Վանուաթուի Հանրապետութեան Վարչապետն Այցելեց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր

Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան XVII-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս Հայաստան ժամանած Վանուաթուի Հանրապետութեան վարչապետ Շարլօ Սալվաին ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Արամայիս Գրիգորեանի ուղեկցութեամբ այցելեց Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
«Հայերն այսօր»-ը, յղում կատարելով Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին, կը յայտնէ, որ Վանուաթուէն ժամանած հիւրերը դիմաւորեց եւ յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի (ՀՑԹԻ) տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Վանուաթուի վարչապետը ծաղկեպսակ տեղադրեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին, ապա պատուիրակութեան անդամներուն հետ ծաղիկներ խոնարհեց Անմար կրակին մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեց Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Վանուաթուի վարչապետի գլխաւորութեամբ հիւրերը շրջեցան նաեւ Յուշապատի տարածքին մէջ, ծանօթացան անոր նշանակութեան եւ կարեւորութեան հետ:
Հիւրերը եղան նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, այցի աւարտին վարչապետ Սալվաին գրառում կատարեց Պատուաւոր հիւրերու յուշամատեանին մէջ: «Հայոց ցեղասպանութեան անհետացածներու յիշատակին… ես իմ խորին տխրութիւնս կ´արտայայտեմ հայ ազգի զաւակներուն: Թող Աստուած օրհնէ Հայաստանը»,- գրած է Վանուաթուի վարչապետը:
ՀՑԹԻ տնօրէն Յարութիւն Մարութեան Վանուաթուի վարչապետին յանձնեց «Աւրորա Մարտիկանեան» յուշամետալ եւ «Հայոց ցեղասպանութեան լուսաբանումը համաշխարհային մամուլի առաջին էջերուն» գիրքը: