Իրարմէ Տարբեր, Սակայն Աննկարագրելի Կապուած Մայրն Ու Դուստրը

Փարիզաբնակ դերասանուհի, երգահան ժաննա Բլբուլեան եւ Պելճիքա բնակող անոր դուստրը` երգչուհի, երգահան,դերասանուհի Նառա Նոյեան «Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին կը խօսին Ժաննա Բլբուլեանի հրատարակած նոր` «Գաղտնիքներիս արահետով» գիրքի, համատեղ ունեցած գրական-երաժշտական երեկոյի եւ յետագայ աշխատանքներու մասին:

-Տիկի՛ն Ժաննա, ինչպէ՞ս ծնունդ առաւ «Գաղտնիքներիս արահետով» գիրքը:

– Սա իմ առաջին գիրքն է, որ հրատարակելու նպատակ, բնաւ, չեմ ունեցած: Տարիներու ընթացքին ամէն օր գրի  առած եմ յուշերս, անցուցած օրերս եւ դիպուածները, այլ խօսքով` թուղթին  յանձնած եմ հոգիիս պոռթկումները: Այս գիրքը պարզապէս կեանքիս յուշապատումն է:

Տարիներ անց, երբ կը վերընթերցէի գրածներս, զգացի, որ իմ սերնդակիցներուս, յատկապէս` գերդաստանիս, կը հետաքրքրէ կեանքիս պատմութիւնը: Գիրքին մէջ կը պատմեմ ընտանիքիս, քոյրերուս ու եղբայրներուս մասին, կ՛անդրադառնամ ստեղծագործական գործունէութեանս, առանձնայատուկ ջերմութեամբ եւ կարօտով կը խօսիմ ծնողներուս` Թամար եւ Ռաֆիկ Բլբուլեաններու մասին, որոնց անմար յիշատակին ալ նուիրած եմ գիրքը: Կը կարծեմ` այս գիրքն ընտանեկան ժառանգութիւն է:

Նշեմ նաեւ, որ ընթերցողները գիրքի էջերուն վրայ բացի խոհերէն, մտորումներէն, յուշերէն ու նամակներէն, կը գտնեն նաեւ իմ մեղեդիներու նոտաները, յօդուածները, հարցազրոյցները, բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ կը խօսիմ կեանքի, երեւոյթներու եւ մարդկային փոխյարաբերութիւններու մասին:

-Նամակներէն ամենասրտառուչն ու հոգեհարազատը ո՞ր մէկը եղած է Ձեզի համար, ո՞ր  մէկը այլեւս դարձած է ընթերցողի սեփականութիւնը:

-Սիրելի մօրս նուիրուած նամակներն են, եւ իմ մեծ սիրոյ պատմութիւնը, որ գտած եւ կորսնցուցած  եմ Փարիզի մէջ: Այն «Անաւարտ մեղեդի»  վերնագրեցի…

Յետագային ընթերցողները Ձեր «Գաղտնիքների արահետով» քալելու հնարաւորութիւն կ’ունենա՞ն:

-Ի հարկէ, դեռեւս չորս-հինգ գիրք կարելի է հրատարկել իմ չուղարկուած նամակներէս (կը ծիծաղի-հեղ.): Զգացմունքային կին եմ, եւ շուրջբոլորս տեղի ունեցող իրադարձութիւններն անմիջապէս թուղթին կը յանձնեմ:

-Այժմ թղթային նամակներ կը գրէ՞ք:

Ժաննա Բլբուլեան – կը ցաւիմ եւ մեծ ափսոսանք կ՛ապրիմ, որ այդ սովորոյթը ելեկտրոնային նամակագրութեան հոսքի մէջ իր տեղը կը զիջէ, եւ այս առնչութեամբ որեւէ հետաքրքրութիւն չկայ:

Հիմա արդէն ժպիտով կը յիշեմ, թէ ինչպէս  բարեկամներուս ու ընկերներուս նամակներ կը գրէի` սրտատրոփ սպասելով անոնց պատասխաններուն:

Նառա Նոյեան – Մայրս նամակներ կը գրէ, բայց չուղարկեր, կրկին կը պահէ ընթերցողներու համար (կը ծիծաղի-հեղ.): Անոր տրցակէն յայտնաբերած եմ ինծի ուղղուած նամակներ, որոնք երբեք չէի «ստացած»:

Այս գիրքին մէջ մօրս նորովի  բացայայտած եմ: Ամէն անգամ գիրքը կարդալուս` նոր Ժաննա Բլբուլեան մը իմ առջեւս կը յառնի, սակայն նոյն անմնացորդ սիրով, նրբազգացութեամբ ու քնքշութեամբ լեցուն:

Մենք չնայած շատ տարբեր ենք, սակայն աննկարագրելի կապուած ենք եւ կը լրացնենք իրար:

-Նառա՛, այդ պարագային հետաքրքիր է իմանալ, թէ մօրդ բնաւորութեան ո՞ր գիծերը ժառանգած էք:

-Կը կարծեմ` արուեստի հանդէպ սէրը, ընտանիքի, ծնողներու նկատմամբ հոգատարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամէնուր ժպիտներ եւ ջերմութիւն սփռելը:

–Օրերս կազմակերպեցիք նաեւ հայ-ֆրանսական գրական-երաժշտական երեկոյ, որուն ծիրէն ներս  գիրքի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ: Պատմէ՛ք ձեր տպաւորութիւններուն մասին:

Ժաննա Բլբուլեան – Ես ու Նառան միշտ կը մտածէինք Հայաստանի մէջ համատեղ համերգային ծրագիր կազմակերպելու մասին: Այս համերգին գաղափարը կը պատկանի Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի տնօրէն Գագիկ Մանասեանին: Կարծես` ամէն ինչ կանխատեսուած էր ի վերուստ, եւ որոշեցինք ապրիլ 13-ին Առնօ Բաբաջանեան համերգասրահին մէջ գիրքի շնորհանդէսն ու համերգը միասին կազմակերպել:

Բոլորը շատ տպաւորուած են ձեռնարկով: Այդ մասին կը վկայեն ներկաներու հիացական խօսքերը, անծանօթներուն` ինծի գրած հաղորդագրութիւնները, որոնք կարդալուս` անասելի գգուանք կը զգամ:

Նառա Նոյեան – Երէք ժամ վայելած ենք հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութիւնն ու ծափողջոյնները: Համերգն աւարտելէ յետոյ անոնք չէին հեռանար դահլիճէն, կը ցանկային մնալ եւ զրուցել մեզ հետ: Գրական-երաժշտական երեկոյէն, իրօք, շատ տպաւորուած ենք:

 Հայրենիքէն մեզի հետ կը տանինք մարդոց անկեղծ ժպիտները, որոնք, վստահաբար, պիտի օգնեն` յետագայ աշխատանքերն աւելի աւիւնով եւ ոգեւորութեամբ շարունակելու համար:

Այդ օրը մեզի համար կրկնակի տօն դարձաւ այն առումով, որ երկու տղաներս` Գաբին եւ Էլիոթը, հայրենի հողի վրայ առաջին անգամ բեմ բարձրացան: Ծրագիրին մէջ հնչեցին Շառլ Ազնաւուրի, Միշել Լեգրանի երգերէն, ինչպէս նաեւ հեղինակային ստեղծագործութիւններ: Հիւրերու շարքին էին  Լեւոն Բլբուլեանը, Նաիրա Մանուչարեանը, Մարիետա Խոճայեանը: Իսկ գրական-երաժշտական երեկոյի սենարիստն ու հանդիսավարը Կարինէ Աւագեանն էր:

Ժաննա Բլբուլեան – Իրօք, ամէն անգամ Հայաստանի մէջ զգալով հանդիսատեսի անկեղծ վերաբերմունքը` վերադառնալէ յետոյ կրկին պարտաւորուած կը զգանք` յաջորդ անգամ անոնց առջեւ աւելի հետաքրքիր ծրագիրով ներկայանալու:

-Նառա՛, Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանի ծիրէն ներս համերգներ կը նախատեսէ՞ք:

-Եւրոպական համերգային շրջագայութիւններուս ժամանակ միշտ կը կատարեմ Կոմիտաս, որ օտար հանդիսատեսին կողմէ բուռն արձագանք կը գտնէ:

Իսկ յառաջիկային` մայիս 13-ին, Պելճիքայի Կենթ քաղաքին մէջ երաժիշտ Վարդան Յովհաննիսեանի հետ հայկական երաժշտութեան երեկոյ պիտի ունենանք, որուն ընթացքին պիտի կատարենք Կոմիտաս եւ հայերէն իմ ստեղծագործութիւններս:

-Զրոյցի աւարտին խօսինք ձեր յառաջիկայ ծրագիրներու մասին:

Ժաննա Բլբուլեան – Հանդիսատեսի այս ջերմ վերաբերմունքը հաշուի առնելով` ես ու Նառան կը ծրագրենք աշնան համերգ կազմակերպել Հայաստանի մէջ: Գուցէ այնպէս ստացուի, որ մարզերուն մէջ եւս շրջագայութիւն ունենանք:

Գէորգ  Չիչեան

Scroll Up