Բոլոր Ջանքերը Կը Ներդրուին Հայաստանի Մխիթարեան Կեդրոնի Խնդիրները Լուծելու Համար
Ապրիլ 9-ին սփիւռքի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Բաբգէն Տէր Գրիգորեան ընդունեց Հայաստանի Մխիթարեան կեդրոնի տնօրէն Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեանը եւ փոխտնօրէն հայր Գէորգ վարդապետ Սարգիսեանը:
Ողջունելով հիւրերը` Բաբգէն Տէր Գրիգորեան անգնահատելի համարեց Մխիթարեան միաբանութեան ներդրումն ու գործունէութիւնը սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ: Էական կարեւորութիւն ունի 1994 թուականէն Հայաստանի մէջ գործող Մխիթարեան կեդրոնը, ուր կը գործէ Ժառանգաւորաց դպրոց, կայ նաեւ մատուռ եւ գրադարան:
Այսօր Ժառանգաւորաց դպրոցը որոշ խնդիրներ ունի: Ըստ Հայր Եղիա վարդապետ Քիլաղպեանի` դպրոցի այն սաներուն, որոնք հոգեւոր ուսումնառութիւնը շարունակելու համար աւարտելէ յետոյ կը մեկնին Սուրբ Ղազար, անհրաժեշտ է զինծառայութենէն տարկէտման իրաւունք տրամադրել, մանաւանդ որ անոնց թիւը շատ փոքր է: Բաբգէն Տէր Գրիգորեան նշեց, որ հարցը կը քննարկուի, լուծման բոլոր հնարաւոր տարբերակներով աշխատանքներ կը տարուին, քանի որ այս հարցի կարգաւորումը կը նպաստէ միութեան հոգեւոր դասի սերնդայաջորդականութեան ապահովման, սփիւռքի մէջ ունեցած ժառանգութեան պահպանման:
Ժառանգաւորաց վարժարանը բացի ուսումնառութենէն իր աշակերտներուն կ՛ապահովէ նաեւ գիշերակացով եւ սնունդով, սակայն չունի յատուկ կարգավիճակ, ըստ որուն` կեդրոնին մէջ միաժամանակ կը գործեն եւ՛ եկեղեցին, եւ՛ դպրոցը, եւ՛ գիշերօթիկը` որպէս իրաւական մէկ մարմին: Բացի այդ` անհրաժեշտ է նաեւ կեդրոնին թոյլատրել ուսումնական առարկաներու համար կիրառել դասական ուղղագրութիւնը: Նախարարի պաշտօնակատարը խնդիրներու վերաբերեալ նշեց` կ’ուսումնասիրուին իրաւական կարգաւորումները, նախարարութիւնն առաջարկներով եւ նախաձեռնութեամբ հանդէս կու գայ, կը ներդնէ բոլոր ջանքերն առկայ խոչընդոտները վերացնելու ուղղութեամբ: