«Ես Եւ Ամուսինս Հայ Լեզուն Սորվեցնելու Պայքարը Միասնաբար Մղեցինք». Սօսէ Հաճեան
Կը ներկայացնենք «Հայերն այսօր»-ի հարցազրոյցը Պուէնոս Այրէսի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան հայոց լեզուի եւ գրականութեան ուսուցչուհի Սօսէ Հաճեանի հետ:
– Տիկի՛ն Սօսէ, Դուք պատրաստած, հրատարակած էք արեւմտահայերէնի դասաւանդման դասագիրք` արժանթինահայ երեխաներու համար: Եր՞բ նման մտադրութիւն յառաջացաւ եւ ինչո՞ւ:
– Քառասուն տարիէն աւելի է, որ կը դասաւանդեմ հայերէն լեզու եւ գրականութիւն Մայր տաճարին կից՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Կրթական Հաստատութեան մէջ:
Ինձմէ առաջ ամուսինս պատրաստած էր հայերէն լեզուի դասագիրքերու շարք մը «Սօնիա Հայերէն Գիտե՞ս» խորագիրով, նախակրթարանի համար: Իսկ մենք երկրորդականի մէջ երբեմն դասագիրք կամ զանազան դասագիրքերէ լուսապատճէն կը հանէինք եւ աշակերտներուն կը բաժնէինք:
Անշուշտ անխուսափելի էր, որ երբ աշակերտները բաղդատէին անգլերէն լեզուի դասագիրքը հայերէնին հետ, վերջինս աղքատ ազգականի տպաւորութիւն կը ձգէր: Պէտք է իսկապէս գնահատել հայ ուսուցիչին կատարած մեծ զոհողութիւնը, որովհետեւ ինք պէտք է ստեղծէ տրուելիք նիւթը, եւ աշակերտին ձեռքը տայ իր պատրաստած աշխատանքը:
Այս էր պատճառը, որ ասկէ տասը-տասնըհինգ տարի առաջ ձեռնարկեցի երկրորդականի հինգ տարիներուն համար դասագիրքերու շարք մը պատրաստելու, որ կը գործածենք տակաւին: Անոնք պատկերազարդ են եւ իրենց առօրեային հետ առընչութիւն ունին, առանց մոռնալու հայրենիքին հետ կապուած նիւթեր: Եւ քանի որ մի քանի դասեր իրենց այժմէականութիւնը կորսնցուցած էին, պատրաստեցի օժանդակ գրքոյկ մը, որ կարելի էր գործածել որպէս լրացուցիչ, որեւէ կարգի մէջ, նայած աշակերտի հայերէնագիտութեան մակարդակին:
Ուրիշ երկիրներէ, ներառեալ Հայաստանէն եկած գիրքերը ակնկալուած արդիւնքը չտուին մեզի: Արժանթինի ընկերութիւնը, մանաւանդ մանուկները եւ երիտասարդները տարբեր են Միջին Արեւելքի պատանիներէն, իրենց մտայնութեամբ, աշխարհայեացքով, հետաքրքրութիւններով: Այդ էր նաեւ պատճառնէրէն մէկը, որ ես որոշեցի մեր դպրոցին համար պատրաստել զիրենք հետաքրքրող դասագիրք մը:
Այս տարի կրցայ վերջապէս բարեփոխել եւ վերամշակել առաջին տարուան դասագիրքը, յետոյ պիտի անցնիմ միւսներուն: Գիրքը կը կոչուի «Արեւ», աշակերտները մեծ խանդավառութեամբ սկսան կարդալ գունաւոր, պատկերազարդ եւ հաճելի է տեսքը եւ լեզուն մատչելի: Ներկայ ընկերութիւնը պատկերի ընկերութիւն է:
Աւելցնեմ, որ իւրաքանչիւր տարուան դասագիրք ունի գլխաւոր նիւթ մը, դասերը այդ նիւթին կապուած ընթերցանութիւններ են: Ընթերցանութիւն, բառագիտութիւն, ուղղագրութիւն եւ քերականութիւն, վարժութիւններով միասին:
– Որքա՞ն ժամանակ է, որ կը զբաղիք մանկավարժութեամբ: Ձեր կարծիքով ի՞նչ կը նշանակէ Մայրենիի ուսուցիչ ըլլալ Սփիւռքի մէջ:
– Ուսուցչութիւնը ինքնին զոհողութիւն պահանջող ասպարէզ է, իսկ հայերէնի ուսուցիչին համար, կրկնակի կամ եռապատիկ է այդ զոհողութիւնը, որովհետեւ կը նմանի այն զինուորին, որ կռուի դաշտ կ’իջնէ առանց զէնքի. Ինք պէտք է շինէ իր զէնքը: Երբ միւս ուսուցիչները իրենց դասաւանդած առարկային յատուկ, բազմաթիւ աղբիւրներ, հրատարակաչատուներ ունին, մենք պէտք է փնտռենք արդիական հետաքրքրական, մատչելի նիւթեր, որպէսզի աշակերտը չխրտչի մեր դասէն:
Մենք նոյն դասարանին մէջ, ունինք երեք չորս տարբեր մակարդակներ. հայ աշակերտի կողքին, տեղացի, ոչ հայ աշակերտներ, կամ հայերէն չգիտցող հայ տղաք, կամ հայաստանցիներ: Կրնաք երեւակայել, որքան մեծ մարտահրաւէր է հայերէն սորվեցնել այս մատղաշ սերունդին:
– Տիկի՛ն Սօսէ, այսօր Սփիւռքի մէջ դասաւանդել հայերէն (արեւմտահայերէն)` կը նշանակէ դիմագրաւել բազմաթիւ մարտահրաւէրներու: Իսկ Արժանթինի մէջ այսօր կ՛ապրին 4-րդ սերունդի արժանթինահայեր: Մայրենին անոնց մօտ ի՞նչ մակարդակի վրայ է եւ ի՞նչ վերաբերմունք ունին լեզուի հանդէպ:
– Այո՛, Արժանթինի մէջ այսօր արդէն 4րդ սերունդն է որ հասակ կ’առնէ այս հեռաւոր ափերուն վրայ, եւ շատ բազմացած է խառն ամուսնութիւնը, պատճառ մը եւս լեզուի ուսուցման դժուարութեան: Պէտք է ընդունինք այլեւս, որ սպաներէնն է արժանթինահայերու մայրենի լեզուն: Աշակերտը միակ տեղը որ հայերէն կը լսէ կամ կը խօսի դպրոցն է:
Երեսուն, քառասուն տարի առաջ աշակերտութիւնը շատ աւելի լաւ կը խօսէր մայրենին. Բայց տարիներու հոլովման հետ, լեզուն սկսաւ նահանջել, թէեւ ներկայիս համատարած երեւոյթի վերածուած է այս ցաւալի իրողութիւնը սփիւռքի մէջ: Մեր մօտ դրական երեսը այն է, որ եթէ լեզուն տկարացաւ, միւս կողմէն հայկական ոգին զօրացաւ, մանաւանդ Հայաստանի անկախութենէն յետոյ:
Հարաւային Ամերիկան գտնուելով աշխարհի ամենահարաւը, եւ ասկէ մի քանի տասնամեակ առաջ, երբ մանաւանդ փոխադրական եւ հաղորդակցութեան միջոցները այսքան չէին զարգացած, Արժանթին գրեթէ կղզիացած էր, տեղացիները երբեմն հայերուն, «թուրքօ» կ’ըսէին, որովհետեւ անոնք թրքական անցագրով եկած էին: Եւ երբ մերինները բարկացած կ’ըսէին, «մենք հայ ենք», տեղացին բացարձակ գաղափար չունէր Հայաստանի մասին, որ Խորհրդային միութեան տասնըհինգ հանրապետութիւններէն մէկն էր:
Հետեւաբար, մեր տղաքը ստորակայութեան բարդոյթ ունէին: Բայց հիմա, երբ ամէն մարդ գիտէ, թէ ու՛ր է Հայաստանը, հայ նշանաւոր անձեր զանազան մարզերու մէջ ծանօթ անուններ դարձած են, մեր տղաքը հպարտութեամբ կ’ըսեն թէ հայ են:
Խիստ գնահատելի եղած է առաջին գաղթող հայերուն, հայապահապնման համար տարած հսկայ գործունէութիւնը: Հազիւ տեղաւորուած, լծուած են եկեղեցի, դպրոց, շինելու վեհ գործին, որպէսզի իրենց զաւակները չձուլուին: Եւ այսօր մեր գաղութը օժտուած է ազգային բոլոր կառոյցներով. կրթական, կրօնական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ քաղաքական:
Մեր երկրորդականի շրջանաւարտները իրենց տարեվերջի ճամբորդութիւնը կը կատարեն դէպի մայր հայրենիք եւ որքան խանդավառութեամբ կը վերադառնան: Ինչ որ մենք տարիներով կը սորվեցնենք, իրենց մտքին մէջ այդքան չի դրոշմուիր, որքան այդ երկու շաբաթ տեւող այցելութիւնը, երբ իրենց սեփական աչքերով կը տեսնեն Արարատը, Խոր Վիրապը, Էջմիածինը, Երեւանը, կը լսեն հայերէն խօսող մանուկները փողոցներուն մէջ:
Հակառակ մեր աշակերտներուն մայրենի լեզուի տկար մակարդակին, մերժումի կեցուածք չկայ իրենց կողմէ: Անշուշտ կախում ունի ուսուցիչին դասաւանդման եղանակէն: Նոյնիսկ խեղճ տեղացիները առանց դժգոհելու կը սորվին, կամ կը ջանան սորվիլ մեր դժուար լեզուն:
Մեր դժուարութիւնը, ինչպէս, կ’ենթադրեմ նոյնն է պարագան բոլոր հայ գաղթօճախներուն մէջ, հայերէն լեզուի ուսուցիչի (մեր երիտասարդ ուսուցիչները այլեւս վկայեալ մանկավարժներ են) եւ դասագիրքի տագնապն է, նաեւ որպէս լրացուցիչ՝ ուսուցման յատուկ՝ արդիական սարքեր: Մեզի համար խոչընդոտ կը հանդիսանայ արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի տարբերութիւնը: Մանուկներու յատուկ բազմաթիւ տեսաերիզներ, արեւելահայերէն են: Մեր աշակերտները Հայաստան կը հասնին եւ չեն հասկնար արեւելահայերէնը:
– Դուք նաեւ հայերէնի Talk Time խմբակը ստեղծած էք Պուէնոս Այրէսի մէջ: Ի՞նչ էր հիմնական նպատակը եւ արդեօ՞ք մինչ այժմ կը գործէ խմբակը:
– Talk Time ի գաղափարը ունեցայ, երբ ես յատուկ սրճարաններ կ’երթայի անգլերէն եւ ֆրանսերէն զրոյցներու մասնակցելու, որպէսզի այս լեզուները չմոռնամ:
Օր մըն ալ, որոշեցի ես ինքս կազմակերպել նման խօսակցական հանդիպում մը գաւաթ մը սուրճի շուրջ, սրճարանի մը մէջ, եւ առաջին օրէն իսկ լաւ ընդունելութիւն գտաւ եկողնրուն կողմէ:
Տանըհինգ տարի է, որ Talk Time գոյութիւն ունի: Եւ մասնակցողները իսկապէս շատ օգտուեցան եւ ատիկա ինծի համար մեծ յաջողութիւն մը եղաւ:
Նիւթերը բազմազան են եւ տարբեր բնոյթի. արուեստ, պատմութիւն, առակներ, աւանդութիւններ, երբեմն անձնական հարցեր սեղան կը բերուին: Ես նիւթ մը կ’առաջարկեմ իրենց եւ իրենք յաջորդ շաբաթ անոր մասին կը խօսին:
Օրինակ «կնոջ ազատագրութիւնը իր դրական եւ ժխտական երեսներով»:
Իւրաքանչիւրը իր կարծիքը կու տայ: Իրենց խօսքը վերջացնելէն յետոյ կը բացատրեմ սխալները: Շատ օգտակար են այս հանդիպումները եւ շատ լաւ արդիւնք կու տան: Անկախ այս բոլորէն, իրարու մօտ գալն ու հաճելի մթնոլորտի մէջ խօսակցիլը, եւ քիչ մը հեռանալ առօրեայ տաղտուկէն կազդուրիչ է:
Հիմա չորս տարիէ ի վեր, այս հանդիպումները տեղի կ’ունենան տեղւոյս Թէքէեան Մշակութային միութեան Կեդրոնին մէջ, (Սարտարապատ շաբաթաթերթի խմբագրուհիի Տիանա Տէր Կարապետեանի կարգադրութեամբ, որ ներկայացուցիչն է Քէնէտի համալսարանի հայկական ամպիոնին: Համալսարանը կը հովանաւորէ մեր Talk Time):
– Տիկի´ն Սօսէ, Ձեր մէջ ինչպէ՞ս արթնցաւ գրելու թաքուն մնացած ձիրքը:
– Ամուսնուս մահէն յետոյ, երբ Պոլիս գացի տղուս հետ, Մարմարա թերթի խմբագրական կազմէն Նաիրա Մկրտչեան Սիւզմէ խնդրեց ինձմէ, որ եթէ ամուսնուս ցարդ անտիպ մնացած գրութիւններ կային, ուղարկէի իրենց, (Պետրոսը աշխատակից էր թերթին), կամ ես գրէի իմ տպաւորութիւններս այս ճամբորդութեան մասին: Եւ ես, որ առինքնուած էի արեւելքի եւ արեւմուտքի միաձուլուած ոճերու մարմնաւորումը հանդիսացող այս քաղաքով, անմիջապէս գրեցի տպաւորութիւններս:
Ահա այդպէս է, որ գրելու փափաքս վերածնաւ. Ես միշտ գրած եմ պատանի տարիքէս, ընդհանրապէս օրագիրներ. բայց միայն ինծի համար: Պատճառներէն մէկն ալ ամուսնուս հանդէպ տածած մեծ սէրս եւ յարգանքս էր, որ գրութիւններս դարակէն դուրս չէին ելլեր: Ինք շատ ծանօթ անուն մըն էր, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ հայրենիքի մէջ, ուր պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, ապա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, որպէս վաստակաշատ մտաւորական, մանկավարժ, գրող, ազգային գործիչ, սերունդներ դաստիարակող: Ի վերջոյ ինք ամբողջ հորիզոնը կը ծածկէր: Ինծի եւ զաւակներուս, հպարտութիւն, պարծանք առթող անձնաւորութիւն մըն էր ամուսինս:
Իր մահէն յետոյ, այսինքն արեւը մար մտնելէն յետոյ, լուսինը յանդգնեցաւ դուրս գալ:
Ինծի համար ալ հոգեկան բաւարարութիւն տուող զբաղում մըն է. Անցեալի յուշեր, դէպքեր դէմքեր, մեր օրերու իրավիճակը, կը կազմեն պատմուածքներուս նիւթերը, որ կը տեղադրեմ դիմատետրին վրայ: Յաճախ Մարմարայի, երբեմն այլ թերթերու մէջ ալ լոյս կը տեսնեն պատմուածքներս: Շատեր կը թելադրեն, որ հատորի մը մէջ ամփոփեմ զանոնք, որ յիսունի կը հասնին գրեթէ:
– Տիկի՛ն Սօսէ, Դուք կողակիցը եղած էք սփիւռքահայ ճանչցուած մանկավարժ, մտաւորական, ազգային գործիչ Պետրոս Հաճեանի, որ երկար ժամանակ տնօրէն եղած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ կրթական հաստատութեան, ուր եւ Դուք կ՛աշխատիք: Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք միասին անցուցած տարիները եւ ի՞նչ տուած են Ձեզ ատոնք:
-Ես եւ ամուսինս բնիկ սուրիացի ենք: Ամուսինս որպէս դպրոցի տնօրէն, թերթի խմբագիր եւ ազգային գործիչ հրաւիրուեցաւ Արժանթինի Հայ Կեդրոնին Վարչութեան կողմէ: Անիկա շատ երետասարդ տարիքէն նուիրուած է ուսուցչական ասպարէզին Հալէպի մէջ: Եղած է նաեւ տնօրէն Հալէպի Ազգ.Քարէն Եփփէ ճեմարանին:
Մենք երկար տարիներ աշխատեցանք նոյն դպրոցին մէջ, հայ լեզուն սորվեցնելու պայքարը միասնաբար մղեցինք, հոսանքն ի վեր թիավարեցինք, երբեմն յուսացինք, երբեմն յուսահատեցանք, բայց երբեք դասալիք չեղանք:
Բայց հակառակ տասնամեակներ կողք կողքի քալելու, ուրախ եւ տխուր պահեր միասին բաժնելու եւ հակառակ վեց զաւկի մայր ըլլալուս, ինք միշտ շարունակեց իմ տնօրէնս մնալ, ինչպէս որ եղած էր ճեմարանին մէջ, երբ ես ուսանող էի եւ ինք տնօրէն:
Լուսինէ Աբրահամեան