Արամ Ա.Կաթողիկոսը Կը Մեկնի Հալէպ
Վաղը առաւօտ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը պիտի մեկնի Հալէպ, ուր օծումը պիտի կատարէ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցոյ։ Այս առիթով, Վեհափառը նաեւ հանդիպումներ եւ այցելութիւններ պիտի ունենայ։
Նորին Սրբութիւնը Հալէպ պիտի մնայ 4 օր։ Անոր պիտի ընկերանան միաբան հայրեր եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ։